Կը դատապարտենք որեւէ ժողովուրդ ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձերը. Իրաքի նախագահ

Պաշտօնական այցով ՀՀ ժամանած Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ճամալ Ռաշիտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նոյեմբեր 22-ին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի ուղեկցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:

Իրաքի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ դրած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը: Իրաքի նախագահը յիշողութեան պուրակին մէջ տնկած է արծաթափայլ եղեւնի:

Հիւրերը շրջած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ծանօթացած են մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն, այնուհետեւ Իրաքի նախագահը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, նշելով. «Կը հաստատենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր նոր ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնն է, որ եղած է 1944 թ. «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի ստեղծման հիմքը: Անիկա բարբարոսական միջոց էր հայ ժողովուրդը բնաջնջելու խաղաղութեան եւ կամ պատերազմի ժամանակ: Կը դատապարտենք որեւէ ժողովուրդ ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձերը եւ կը շեշտենք մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: Յաւիտենական հանգիստ զոհերու հոգիներուն եւ զարգացում Հայաստանին»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցին համար՝ ՀՑԹՀ տնօրէնի պաշտօնակատար Էտիդա Կզոյեանը պատուաւոր հիւրին նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբերէն գիրք:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ