Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Հայկ Ստեփան Վարվառեան

Համադրեց` ԲԺԻԿՇ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Եոզկաթ

Aztagdaily.com- Բժիշկ Հայկ Վարվառեան ծնած է Եոզկաթ, 1884-ին: Հօրը անունը եղած է Ստեփան Վարվառեան: Հայկ ունեցած է երկու քոյրեր եւ իրմէ տասը տարի պզտիկ եղբայր մը: Երկու քոյրերը սպաննուած են Հայոց  ցեղասպանութեան ընթացքին:

Հայկ Վարվառեան բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ, ուրկէ վկայուած է: Մեկնած է Եգիպտոս, սակայն չէ ուզած մնալ իսլամական երկրի մը մէջ: Ուստի հաստատուած է Յունաստան, ուր չէ կրցած աշխատիլ իբրեւ բժիշկ, որովհետեւ յունական կառավարութիւնը չէ ընդունած լիբանանեան վկայականը, ուստի ան զբաղած է վաճառականութեամբ: Տեղափոխուած է Պոլիս,  եւ ամուսնացած է պոլսահայ աղջկան մը հետ:

Հետագային պզտիկ եղբայրը, որ եղած է հանդարտաբարոյ, հակառակ իրեն, ամուսնացած է Եգիպտոսի մէջ եւ ունեցած է տղայ զաւակ մը` Ստեփան Հայկ Վարվառեան: Նորածինին ծնողները անոր երկրորդ անունը Հայկ կոչած են, որովհետեւ անոնք մեծ համակրանք ունեցած են բժիշկ Հայկ Վարվառեանին հանդէպ: Ստեփան անունն ալ եկած է իր մեծ հօրմէն` Ստեփանէն:

Բժիշկ Հայկ Վարվառեան եղած է խիզախ ու ապրած է նախաձեռնութիւններով եւ ունեցած է արկածախնդրութիւններ:

Ան Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է եւ 3 ամիս բանտարկուած` 1915-ին: Յանցա՞նքը, որովհետեւ թուրք զինուորները իր տունը խուզարկելու պահուն գտած են նամակ մը, ուր յիշուած է դաշնակի (դաշնամուր) ստանձնումի մը հարցը… Թուրք զինուորները կարծած են, որ ան դաշնակցական գործիչ մըն է: Բանտին տնօրէնը տռփախտ (syphilis) հիւանդութեամբ վարակուած է եւ դարմանուած է բժիշկ Հայկին կողմէ նորաստեղծ «Սալւարսան» դեղով:

Այդ օրերուն Էնվեր փաշային բարեկամ կին մը որովայնատիֆէ (typhoid) վարակուած է, բարձր ջերմով միասին: Բանտի զինուորական տնօրէնը Էնվեր փաշային հետ շատ լաւ բարեկամութիւն ունեցած է, ուստի ան կը թելադրէ Էնվեր փաշային, որ տոքթ. Վարվառեանը տեսնէ հիւանդ կինը: Բանտին տնօրէնին յանձնարարութեամբ, բժիշկ Հայկ  կանչուած է Էնվեր փաշային կողմէ, որպէսզի բուժէ կինը: Բժիշկ Հայկ բուժած է հիւանդ կինը` օգտագործելով մորֆին դեղը եւ պաղ ջուրի լոգանքը: Իր բժշկական յաջողութիւններուն շնորհիւ` Էնվեր ազատ արձակած է բժիշկ Վարվառեանը եւ պաշտօնի կոչած` օսմանեան բանակին մէջ: Ան ծառայած է կովկասեան` ռուսական ճակատին վրայ, 1918-ին:

Կովկասեան ճակատի վրայ բժիշկ Հայկ Վարվառեան եւ իր միակ հայ ընկերը` անասնաբուժութեան վիրաբուժ տոքթոր Պոյաճեան, կը գտնուին շատ բարձր լեռնային շրջանի մը մէջ: Ուշ գիշերով իրենց թուրք մեծաւորը, որ բժիշկ Վարվառեանին հետ շատ լաւ ընկեր եւ յարաբերութիւն ունեցած է նախապէս, կը մօտենայ երկու հայ բժիշկներուն եւ կը թելադրէ, որ շուտով փախուստ տան այդ գիշեր, որովհետեւ հրաման ստացած է կեդրոնական իշխանութենէն` ձերբակալել բոլոր հայ զինուորական ծառայողները եւ ոչնչացնել զանոնք:

Բժիշկ Վարվառեան լաւ ձիավարժ եղած է եւ յաճախ  խօսած է իր արաբական նժոյգին մասին, եւ որ կոչած է «Կրակ աչք»: Ուստի երկու հայ բժիշկները ձիերով ճամբայ կ՛ելլեն փախուստ տալու համար, սակայն կը հետապնդուին թուրք պահակներու կողմէ: Անոնք մեծ դժուարութիւններով կը հասնին ձոր մը եւ փախուստ կու տան թուրք պահակներէն: Անոնք երկար եւ դժուար ճամբորդութենէ ետք, լքելով կովկասեան ճակատը, կը հասնին ռուսական սահմանը: Երկու բժիշկներ ի վերջոյ կը հրաժարին ձիերէն եւ կը սկսին քալել ու կը հասնին ռուսական մեծ հիւանդանոց մը, ուր տոքթորը կ՛ունենայ իր ամէնէն մեծ արկածախնդրութիւնը (*):

Բժիշկ Վարվառեան ռուսական հիւանդանոց գտնուած է դեկտեմբեր ամսուն վերջերը: Հիւանդանոցը եղած է կովկասեան ճակատի ամէնէն մեծ հիւանդանոցը, որ ունեցած է չորս հազար   անկողին: Հիւանդանոցին մէջ գործած են երկու օտար վիրաբուժներ, մէկը ինք եւ երկրորդը` սեպիացի տոքթ. Միթրովիք: Կիրակի օր, դեկտեմբեր 23-ին  մօտակայ կայարանէն խուժան մը կը հասնի հիւանդանոց: Հիւանդանոցին ամբողջ պաշտօնէութիւնը անակնկալի կը մատնուի անոնց ժամանումով: Խուժանը փախած եւ դասալիք պոլշեւիկներ եղած են: Անոնք Լենինի դրդումով իրենց մեծաւորները սպաննողներ եղած են:  Հիւանդանոցին ապահովութիւնը վտանգուած կ՛ըլլայ եւ հիւանդանոցին մեծաւոր զինուորականը կը հրահանգէ պահակներուն` գոցել հիւանդանոցին դռներն ու բոլոր մուտքերը: Յաջորդ օր, դեկտեմբեր քսանչորսին կարմիր զինուորներէ կազմուած երկրորդ խուժան մը կու գայ հիւանդանոց, դուռը կը թակեն, հիւանդանոցին տնօրէնը եւ զինուորական պատասխանատուն կը վազեն դէպի դուռ, անոնք  տեսնելով խուժանին ահաւորութիւնը` ստիպուած կը բանան դուռերը, եւ խուժանը կը մտնէ ներս: Ամէն կողմ կը տիրէ աւեր, կրակ եւ քանդում: Բժիշկ Վարվառեան ստիպուած` բոլոր վիրաւորները կը բուժէ, վիրահատումներ եւ անդամահատումներ կը կատարէ: Այդ հսկայ հիւանդանոցը կը վերածուի պատերազմական ճակատի, ուր խուժանին մարդիկը զիրար կը մաքրեն, կը սպաննեն հիւանդանոցի անձնակազմը անխնայ: Բժիշկ Վարվառեան ականատես կը դառնայ պոլշեւիկութենէն դարձի երեւոյթներու, անոնք, որոնք հլու հնազանդ Լենինի հպատակներն էին անցեալին, կը խոստովանին եւ կ՛ընդունին, որ այդ կուսակցութիւնը զիրենք շահագործած է եւ ճշմարիտ ու արդար գաղափարախօսութիւն չունի:

Ի վերջոյ տոքթորը դուրս կու գայ հիւանդանոցէն երեքշաբթի, դեկտեմբեր 25-ի առաւօտ, «Նոր տարուան օր»-ը` նոր տարուան մը նոր օրը: Հիւանդանոցէն դուրս կը տեսնէ  իր բժիշկ ընկերներէն շատերը` սպաննուած:

Բժիշկ Հայկ Վարվառեան կովկասեան ճակատի ռուսական հիւանդանոցի իր արկածախնդրութիւնը նկարագրած  է 1956-ին Armenian Review-ի մէջ:

1972-ին բժիշկ Հայկ Վարվառեանի թոռնիկը` Հայկ Վարվառեան, Ցիւրիխի «Կոթհարտ» պանդոկին մէջ իր մեծ հօր հետ եղած է: Բժիշկ Հայկ Վարվառեան պատմած է իր արկածախնդրութիւններէն բաժիններ իր թոռնիկին` Հայկ Վարվառեանին:

Այս հանդիպումէն ետք բժիշկ Վարվառեան ապրած է Հարաւային Ափրիկէ, իր աղջկան հետ: Ան  մահացած է Հարաւային Ափրիկէ:

Աղբիւրներ`

  1. Անձնական տեղեկութիւններ տէր եւ տիկին Պերճ եւ Նայիրի Չաքըճեաններէն, Մոնրէալ, 2020:
  2. Անձնական տեղեկութիւններ բժիշկ Հայկ Վարվառեանի եղբօրը տղայէն` Հայկ Ստեփան Վարվառեանէն եւ բժիշկին թոռնիկէն` Հայկ Վարվառեանէն:
  3. Dr. Haig Varvarian, When the Bolsheviks attacked our hospital, Armenian Review, USA, 1956.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ