ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հիւսիսային Աղուանքի մէջ, Շաքիէն արեւելք եւ մինչեւ Կապաղակ, պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն հոծ թիւով հայեր եւ ուտիներ բնակած են:
Այսօր, իբրեւ ազրպէյճանցիներ ներկայացող կովկասեան թաթարները կը փորձեն ապացուցել, որ իրենք հին աղուանական պետութեան ու ժողովուրդին յետնորդներն ու ժառանգորդներն են:
Այս ծիրէն ներս, ուտիները, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ աղուաններու յետնորդներ, կ՛օգտագործուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, անոնց միջոցով տէր կանգնելու համար հայկական եկեղեցական ժառանգութեան, զայն ներկայացնելով իբրեւ աղուանական-ազրպէյճանական:
Ազրպէյճանական «պատմական» փաստարկութիւններուն համաձայն, ուտիները նաեւ Արցախի իրաւատէրերն են:
Ազրպէյճանի մէջ ընթացք առած է ուտիական կոչուող եկեղեցւոյ կազմաւորումը, իբրեւ նախաքայլ Ազրպէյճանի Աղուանից եկեղեցւոյ վերականգնման:
Աղուանական ուտիական առաքելական կոչուող եկեղեցւոյ կեդրոնը Նիժ գիւղն է:
Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն համար, ուտիական կոչուող եկեղեցին, իբրեւ պատմական Աղուանից եկեղեցւոյ «իրաւայաջորդ», բոլոր իրաւունքները ունի տնօրինելու Արցախի եւ շրջակայքին մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիները, վանքերը, անոնց ունեցուածքներն ու մշակութային ժառանգութիւնը: Անիկա իրաւունք ունի նաեւ տէր կանգնելու աղուանական «Երուսաղէմեան» ժառանգութեան եւ «արեւելեան Անատոլուի» քրիստոնէական յուշարձաններուն, որոնց շարքին` Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին:
* * *



Ուտիները հին աղուանական քսանվեց ցեղերէն մէկն են, եւ միակը, որոնք թուրք թաթարական արշաւանքներէն ետք յաջողած են պահպանել իրենց ինքնութիւնը, լեզուն եւ քրիստոնեայ հաւատքը:
Ուտիները սերտ կապերով միացած են հայերուն, եւ նկատուած են հայ ժողովուրդին մէկ մասնիկը:
Աղուանից եկեղեցին սկիզբէն դաւանական միութեան մէջ եղած է հայ եկեղեցւոյ հետ եւ հետագային ամբողջովին միաձուլուած անոր մէջ:
Ուտիերէնը հին կովկասեան լեզու է եւ ունի երկու բարբառ` Նիժի եւ Վարդաշէնի: Հաւանաբար, անիկա Աղուանքի հիմնական լեզուն եղած է, որ ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Բենիամինի կողմէ ստեղծուած իր այբուբենը:
Ուտիներուն համար հայերը իրենց եղբայրներն են: Ուտիախօս ըլլալով, անոնք տիրապետած են հայերէնին եւ հայերէն այբուբենը օգտագործած են: Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուած են հայկական ծէսով եւ հայերէն լեզուով:
Ուտիները գլխաւորաբար հայկական անուն-ազգանուններ, ինչպէս նաեւ հայկական արձանագրութիւններով եկեղեցիներու տապանաքարեր ունին:
Պատմութեան ընթացքին ուտիները ճաշակեցին հայ ժողովուրդին ճակատագիրը: Երկու բախտակից ժողովուրդներ` պարբերակար իսլամացուեցան, թրքացուեցան, ջարդուեցան ու բռնագաղթուեցան:
Ուտիները ներկայիս շուրջ տասը հազար հոգի կը հաշուեն, որուն հազիւ չորս հազարը մնացած է իր բնօրրանին, ներկայ Ազրպէյճանի մէջ:
Ազրպէյճանի մէջ ուտիները ենթարկուած են «վերափոխման»: Փոխուած են անոնց հայկական անուններն ու ազգանունները:
* * *
Վարդաշէն հայ եւ ուտի բնակչութեամբ պատմական աւան է Շաքիէն արեւելք, Մեծ Կովկասի լեռներուն հարաւը, լայնատարած ձորի լանջին, 630 մեթր բարձրութեան վրայ:
Հայկական 1466 թուակիր յիշտակարանի մը համաձայն բնակավայրը կոչուած է նաեւ Գիւլստան եւ Վարդուտ:
Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, հոյակերտ եւ ընդարձակ, ունէր հետեւեալ արձանագրութիւնը. «1830 ամի սկսեալ Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցիս, մինչեւ աւարտեալ 1838 ամի. երախտիք ունէր Եթար Եաղուբեանցին, որ կին կոչի Առաքել Մուրատեանցին, ո՛վ հանդիպողք տո՛ւք ողորմի իւր որդի Մկրտչին»: Եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած էր բարերարին մարմինը. մահարձանին վրայ արձանագրուած էր. «Այս է տապան Վարդաշէնցի պարոն Առաքել Մուրատեանցին, յետ մահուան աշխատեաց ժառանգն այսմ տապանին, որ էր Յովհաննէս բէկ որդի սորին. յիշեցէք, ով ընթերցողք, այս լուսահոգին բարեսէր, բարեջան, ազգասէր եւ բարեհոգին 1848 ամին»:
Եկեղեցւոյ մէջ պահուած գրչագիր Աւետարանի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է.
«Աւարտեցաւ Սուրբ Աւետարանս տիեզերալոյս վարդապետին Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ… ի թուականութեանս Աբեթական տումարի ՉԿԴ (1315), յամս առաքելաշնորհ արհի եպիսկոպոս տեառն Յովհաննիսի մականուամբ Աւրբէլ (Օրբէլ) կոչեցելոյ` ձեռամբ նուաստ եւ ոսկեգիր գրչապետի մեծ րաբունապետի Խաչատուր Կեչառեցի գծագրեցաւ ի քաղաքիս Յեղեքիս ի տէրութեան արեաց վեհագունի եւ իշխանաց իշխեցողի մեծ կոմսի եւ կողմնակալի Բուրթելին եւ նորին հազարապետի Բուղտային, ի խնդրոյ սրբասնունդ քահանայի Սահակայ»:
Եկեղեցւոյ կողքին Սուրբ Սահակեան դպրոցն էր, որուն ծախսերը մեծ մասամբ Պաքուի Մարդասիրական ընկերութեան կողմէ կը հոգացուէին: Դպրոցի մուտքին արձանագրուած էր. «Կրթարանս կառուցեալ է ի յիշատակ հայրենեացն ի Յարութիւն բէկէ Սիլիկեանց եւ վերանորոգեալ յորդւոց նորա 1876»:
Վարդաշէնի մէջ կային մետաքսաթելի եւ խեղեցէն կղմինտրի պատրաստութեան գործարաններ:
* * *
Վարդաշէնէն երկու քիլոմեթր հարաւ, գետակի աջ ափին Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին է: Աւանդութեան համաձայն անիկա կառուցուած է աղուանից առաջին լուսաւորիչ Սուրբ Եղիշէ առաքեալի կողմէ: Եղիշէ առաքեալ երեք աշակերտ ունեցած է. Վլաս, Քահալցիցիկ եւ Գոմ¬Մուրատ: Առաքեալը եւ անոր աշակերտները նահատակուած են: Եկեղեցւոյ մասին յիշատակութիւն պահպանուած է 1310¬ի արձանագրութեան մը մէջ: Անիկա 1811¬ին վերանորոգուած է վարդաշէնցի Առաքել Մուրատեանի նուիրատուութեամբ:
Ծառաստաններով շրջապատուած եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը երկու մատուռներ կային, որոնք աւանդութեան համաձայն Եղիշէ առաքեալի նահատակուած աշակերտներուն գերեզմաններն են:
Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին եւ շրջապատը պարսպապատ էին: Հիւսիսային կողմը միաբաններու կացարան էր, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Յիշատակ է սենեակս վարդաշէնցի Մաթոսի եւ իւր կողակից Աննայի Վարթանեանց 1890 ամի»:
Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին մեծ ուխտատեղի էր:
* * *
Վարդաշէնի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը մինչեւ 1980-ական տարիները ուտիներ եւ հայեր էին: Արցախեան շարժման ժամանակ անոնք բռնագաղթուեցան եւ փոխարէնը հոն թաթարներ վերաբնակեցուեցան:
Վարդաշէն 1991¬ին վերանուանուեցաւ Օղուզ եւ այժմ շուրջ եօթը հազար բնակիչ ունի: Գիւղին երբեմնի շուրջ երեք հազար ուտիներէն հոն մնացած է նուազ քան հարիւր հոգի:
* * *
Վարդաշէնի ամէնէն անուանի եւ հեղինակաւոր տոհմը եղած են Սիլիկեանները:
Սիլիկեանները ազգութեամբ ուտի են, դաւանանքով` հայ առաքելական:
Սիլիկեաններու տոհմէն առաջինը, որ արխիւային փաստաթուղթերու մէջ յիշուած է, Պետրոս Սիլիկեանն է (Փիոթր Սիլիկով): Ան Վարդաշէնի մօտ վանք մը կառուցած է: Պատմութեան մէջ արձանագրուած տոհմին յաջորդ ներկայացուցիչը Յովհաննէս Սիլիկեանն է (Իվան Սիլիկով): Ան ունեցած է երկու որդի` Մարտիրոս եւ Յարութիւն, որոնք զինուորականներ եւ բէկեր եղած են: Անոնց ժառանգորդներն են` Մովսէս, Հայրապետ եւ Ստեփան, որոնք ռուսական բանակին մէջ զօրավարի աստիճանին հասան:
Մովսէս Սիլիկեան ծնած է 14 (26) սեպտեմբեր 1862-ին, Վարդաշէն գիւղին մէջ: 1882¬ին Մոսկուայի զինուորական գիմնազիան մտաւ, զոր աւարտեց 1884¬ին` ենթասպայի կոչումով: Նոյն տարին Ալեքսանդրովեան զինուորական ուսումնարանի դասընթացքներուն հետեւեցաւ եւ սպայի կոչում ստացաւ, որմէ ետք Կարսի Քուպանեան 155¬րդ գունդին մէջ ծառայութեան մտաւ իբրեւ վաշտի հրամանատար: Կարսի մէջ ան ամուսնացաւ իրեն ծառայակից սպաներէն մէկուն դստեր` Նաթալիա Զդանովսկայայի հետ, որմէ ունեցաւ մէկ որդի` Գէորգ:
Մովսէս Սիլիկեան 1914¬ին գնդապետի աստիճան ստացաւ եւ Երեւանի պարետի օգնական նշանակուեցաւ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին, ռուսական եւ թրքական բանակներուն միջեւ մարտական գործողութիւնները սկսան 1914¬ի աշնան: Գնդապետ Սիլիկեան Կովկասեան վեցերորդ հրացանաձիգ գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ մարտական գործողութիւններ մղեց Ատրպատական ներխուժած թրքական զօրքերուն դէմ: Այնուհետեւ Սիլիկեանի գունդը Էրզրումի ճակատին մօտ, Հասանքալէի մէջ տեղակայուեցաւ: Ռուսական բանակին կողմէ Կարնոյ գրաւումէն ետք, 1916 փետրուար 3¬ին Սիլիկեան քաղաքին զինուորական պարետ նշանակուեցաւ: Սիլիկեանի գունդը 1916 մարտին տեղակայուեցաւ Պիթլիսի մէջ, իսկ ապրիլին հրաման ստացաւ շարժելու դէպի Մուշ, ուր Սիլիկեան Մուշ քաղաքի կայազօրի պետ նշանակուեցաւ:
Ռուսիոյ մէջ 1917¬ի փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք Սիլիկեան Վանի ջոկատի հրամանատար նշանակուեցաւ: Օգոստոսին անոր զօրավարի կոչում շնորհուեցաւ:
Ռուսիոյ մէջ 1917¬ի հոկտեմբերեան բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ ռազմաճակատի փլուզումէն ետք Սիլիկեան Երեւանեան զօրախումբի հրամանատար նշանակուեցաւ: 1918¬ի մայիսին թրքական զօրքերը գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը եւ շարժեցան Երեւանի ուղղութեամբ: Զօրավար Սիլիկեան ստանձնեց հայկական կանոնաւոր զօրամասերու եւ աշխարհազօրայիններու ընդհանուր հրամանատարութիւնը: Հայկական զօրքերը Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն ջախջախիչ հարուած հասցուցին թրքական զօրքերուն եւ կասեցուցին անոնց յարձակումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումէն ետք զօրավար Սիլիկեան հայկական բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ եղաւ եւ Նոր Պայազիտի ու Շարուր Դարալագեազի զինուորական նահանգապետ նշանակուեցաւ:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք զօրավար Սիլիկեան եւ հայկական բանակի սպաները աքսորուեցան: Աքսորէն վերադառնալէն ետք Սիլիկեան Երեւանի մէջ բնակութիւն հաստատեց: 1927¬ին եւ 1935¬ին ձերբակալուեցաւ անհիմն մեղադրանքով: 1937¬ին կրկին ձերբակալուեցաւ եւ առանց լրացուցիչ հարցաքննութեան 22 նոյեմբեր 1937¬ին գնդակահարուեցաւ Աւանի Ձորին մէջ:
Զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի որդին` Գէորգ Պաքուի մէջ բնակութիւն հաստատեց եւ մինչեւ 1990 յունուարի հայերու կոտորածը հոն մնաց: Անոր ճակատագիրը անյայտ մնացած է:
Ստեփան Սիլիկեանի որդին` Արտեմ փոխգնդապետի աստիճանով ծառայած է ռուսական բանակին մէջ եւ բոլշեւիկներու յաղթանակէն ետք արտասահման ապաստանած է:
Գնդապետ Ռոստոմ Սիլիկեան ռուսական բանակին Պաքուի հրետանային ջոկատի հրամանատար եղած է: Անոր զաւակները` Ալեքսանդր եւ Արշակ ծառայած են հայկական բանակին մէջ եւ 1919 փետրուար 27¬ին զոհուած են թուրք-թաթարական խռովութիւններու ժամանակ:
Leave a Reply