
Շարժանկարի բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանի «ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐ» ֆիլմաշարի հերթական՝ «ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ» փաստագրական ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 14-ին՝ ժամը 19:00-ին Նարեկացի արուեստի միութեան տան մէջ:
«Կեանքդ կեանքիս համար, կեանքս կեանքիդ գնով»․ ահա բարոյական գիտակցութեան այս բարձրագոյն վարքով, կռուի ելան Գաւառ քաղաքի Գրիգորեան ընտանիքի երեք Արուները՝ Կարէն Գրիգորեանն ու անոր Անդրանիկ եւ Մերուժան որդիները: Մերուժան Գրիգորեանը բեկորներ ստացաւ «Եղնիկներ»-ու մարտագիծին վրայ, իսկ Անդրանիկ Գրիգորեանը հերոսաբար զոհուեցաւ՝ հերթական մարտական արտակարգ յանձնարարութիւնը կատարելու ժամանակ:
Անմահութիւնը Հերոսներու ծննդեան վկայականն է։ Այդ վկայականի հերթական արժանաւորն է Կա-Էս հրանոթային հաշուարկի հրամանատար, քափիթան Անդրանիկ Կարէնի Գրիգորեանը:
http://yerakouyn.com
Leave a Reply