Պատմագէտ Թալին Սուճեանի «Outcasting Armenians – Tamzimat of The Provinces» գիրքին շնորհանդէսը Մոնթրէալի մէջ

Հինգշաբթի, 2 նոյեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Միւնիխի համալսարանի արեւելագիտութեան դասախօս Թալին Սուճեանի «Outcasting Armenians – Tamzimat of the provinces» (Վտարանդի հայեր – գաւառներու Թանզիմաթը, անգլերէն) գիրքին շնորհանդէսը:

Նախ Գրական յանձնախումբի բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Նանոր Սնապեան, որմէ ետք օրուան զրուցավար Հրայր Բազէ ներկայացուց գիրքին հեղինակ պատմաբան Թալին Սուճեանը, որ ներկայիս Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի թրքագիտութեան ամպիոնի գիտաշխատող է:

Գիրքին ներկայացումը կատարեց նոյնինքն հեղինակը, որ պարբերաբար գիրքէն նկարներու ցուցադրութեամբ եւ անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր գիրքը: Պատմաբանը իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին սոյն շնորհանդէսը, ապա յայտնեց. «2014 թուականին, երբ այցելեցի Փարիզի «Նուպար» գրադարանը, հետազօտութեան նպատակաւ, պատահաբար հանդիպեցայ Հայոց Պատրիարքարանի 19-րդ դարու նամակագրութեան թղթածրարներուն, զոր գրադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանը ցոյց տուաւ ինծի: Ես ուղղակի ապշած մնացի, երբ յայտնաբերեցի, որ ընդհանուր առմամբ 240 բնակավայրերու կը վերաբերէին անոնք», ապա աւելցուց, թէ երկու տարի տեւած էր, որ զանոնք ուսումնասիրելու իր ներքին վախը յաղթահարէ, մինչեւ որ 2016-ի աշնան վերջապէս կրցած էր սկսիլ այդ աշխատանքին՝ «Երբ նոր աշխարհ մը բացուեցաւ դիմացս՝ Օսմանեան հայերուն մասին» յայտնեց պատմագէտը:

Horizon Weekly Newspaper

Անդրադառնալով այդ նամակագրութեանց, Սուճեան ըսաւ. «Երբ կը կարդայի Պատրիարքարանի երկրի բոլոր կողմերուն հետ նամակագրութիւնները, անդրադարձայ, որ Թանզիմաթեան՝ արդիականացման եւ արեւմտականացման գործընթացը իսկապէս տեղի կ՚ունենար, բայց ոչ անպայման իրենց ամենադրական իմաստով: Բոլոր գաւառներէն խնդրագրերը, զեկոյցներն ու բողոքները, որոնք կ՚առաքուէին Պատրիարքարան կամ Օսմանեան կայսրութեան, կը բովանդակեն թանկարժէք տուեալներ Օսմանեան վարչակազմին վերաբերեալ»:

Սուճեան լուսաբանելով 19-րդ դարու իրադարձութիւնները, նշեց, որ գաւառային հարստահարութիւնները սկսած են ոչ թէ համիտեան շրջանին, ինչպէս համատարած ընդունուած է, այլ 19-րդ դարու առաջին կէսին եւ շարունակուած մինչեւ 1915: Ան մէջբերեց նաեւ Կիլիկիոյ պարագան եւ աւելցուց. «Կիլիկիոյ հայ գիւղացիներու աքսորը 1868-ին ցոյց կու տայ, որ Թանզիմաթը իրականութեան մէջ, հայերուն համար ուղղակի հակառակ նշանակութիւն ունեցաւ (կեանքի, պատուի եւ ունեցուածքի անապահովութիւն), քան այն, ինչ կը սպասուէր որ պիտի իրագործէ: Հողատարածքն ու անոր բնիկ ժողովուրդը Թանզիմաթի իսկական թիրախն էին»: Ան նոյնպէս յիշատակեց Չարսանճագի պարագան, յայտնելով որ անոնց բողոքները սկսած էին դեռեւս 1850-կաններու կէսին:

Պատմագէտը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Բնաջնջնուած ժողովուրդներու պատմութիւնը յեղափոխականութիւն է, որովհետեւ այն միակ պատմութիւնն է, որ կը պարունակէ ամենամութ ճշմարտութիւնը յանցագործին եւ հետեւաբար՝ ամբողջ մարդկութեան մասին: Հայկական աղբիւրները ուսումնասիրելն ու անոնց ձայնը նորօրեայ պատմութեան մէջ լսելի դարձնելը հզօր պատգամ մը ունի փոխանցելիք, որն է արդարութեան ու կեանքի, պատուոյ եւ ունեցուածքներու ապահովութեան ի խնդիր մէկ դարու պայքարը. բնաջնջուած ու աքսորուած ժողովուրդի մը անդուլ պայքարը, որ բռնի կրօնափոխուեցաւ, փրկուեցաւ, բայց անանուն մնաց…»:

Աւարտին ներկաներուն հետ զրոյց մը տեղի ունեցաւ զրուցավարութեամբ Հրայր Բազէի:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ