Թրքական պետութիւնները «կը սատարեն ազրպէյճանական-հայկական կարգաւորման»

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ 3 նոյեմբերին գումարուած թրքական պետութիւններու 10-րդ վեհաժողովի մասնակիցները հաստատած են ամփոփիչ հռչակագիրը, որուն մէջ նաեւ անդրադարձ կայ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին:

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հաղորդումով, թրքական երկիրներու ղեկավարները հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը բազմակողմ համագործակցութեան զարգացման նկատմամբ, որ կը հիմնուի թուրք ժողովուրդներու հասարակաց պատմութեան, լեզուին, մշակոյթին, աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն վրայ:

Հռչակագիրին մէջ կարեւոր կը նկատուի թրքական աշխարհը հետաքրքրող շրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ հասարակաց դիրքորոշում ձեւաւորելու համար անդամ երկիրներուն միջեւ խորհրդակցութիւններու կատարումը:

Բացի ատկէ, հռչակագիրը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, «որ պիտի հիմնուի երկիրներու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան յարգման վրայ»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ