Մայր աթոռը որոշած է պահպանել Արցախի թեմը

Մայր աթոռը որոշած է պահպանել Արցախի թեմը։ Այս մասին ըսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի քառօրեայ ժողովին ժամանակ, որ կը նախագահէր Գարեգին Բ․ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգը։

Կը նշուի, որ ժողովին ժամանակ քննարկուած են պետութեան առաջ ծառացած յետպատերազմեայ մարտահրաւէրները, Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հիմնախնդիրները, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման հետ կապուած հարցերը։

Ժողովին առաջին օրը զեկոյցով հանդէս եկած են Արցախի նախկին պետնախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ տեր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը:

«Արցախի թեմի լուծարումը տեղի չ՝ունենար, ինչպէս, ցաւօք սրտի, լուծարուեցաւ Արցախի պետականութիւնը։ Վեհափառ հայրապետը ի ուրախութիւն բոլորիս յայտարարեց, որ Արցախի թեմը չի լուծարուիր, այլ քիչ մը կը փոխուին գործառոյթները, եւ կը ծառայէ ինքն իր նպատակներուն համար։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք մեր սրտին մէջ կ՝ունենանք երազանք` կրկին վերադառնալու Արցախ»,- ընդգծած է տէր Վրթանէսը։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին յաջորդ օրուան նիստին զեկոյցով հանդէս եկած է նաեւ Կախուածութիւններու բուժման ազգային կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Նազինեանը: Ան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ թմրամոլութեան աճի հետ կապուած իրավիճակը:

Յիշեցնենք` ազրպէյճանը Սեպտեմբեր 19-ին լայնածաւալ յարձակում սկսաւ Արցախի դէմ։ Ըստ տեղեկութիւններուն` ազրպէյճանական յարձակման զոհերուն թիւը կը գերազանցէ 220-ը։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ