ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Aztagdaily.com- Բժիշկ Արամ Սահակեան ծնած է 9 նոյեմբեր 1884-ին, Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Գրչանունը եղած է Սալբի:
1906-ին աւարտած է Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Ուսանողութեան տարիներուն, անդամակցած է ՀՅԴ-ին: «Սալբի» գրչանունով աշխատակցած է «Ազատամարտ» պարբերականին:
1914-1918 տարիներուն` Ա. Աշխարհամարտին, զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է իբրեւ զինուորական բժիշկ: Գերի ինկած է անգլիական ուժերուն ձեռքը եւ իբրեւ ռազմագերի` տեղափոխուած է Փոր Սայիտ, ուր եղած է մուսալեռցի գաղթականներուն բժիշկը: Այդ օրերու յուշերը արձանագրած է իր «Ալեակներ եւ խլեակներ» ու «Մեր խաչը» գիրքերուն մէջ:

1918-ին ազատ արձակուած է եւ վերադարձած է Պոլիս, ուր ունեցած ազգային եւ գրական բեղուն գործունէութիւն: Աշխատակցած է «Ճակատամարտ» թերթին:
Տեղափոխուած է Փարիզ, հոն ապրած է քանի մը տարի, վարած է հանրային եւ հասարակական գործունէութիւն:
1922-ին հաստատուած է Ռումանիա, ուր ապրած է աւելի քան 20 տարի: Ռումանիոյ պատգամաւորական ժողովին, ներկայացուցած է Պազարճըքի եւ Պուքրեշի հայ համայնքները: Խումբ մը հայ բժիշկներու հետ գլխաւորած է Պուքրեշի հայկական բուժարանի աշխատանքները, անվճար բուժած է կարիքաւոր հայ հիւանդներ, ինչպէս նաեւ պատերազմի տարիներուն` 1942-1945, բժշկական եւ այլ տեսակ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերած է խորհրդային ռազմագերիներուն:
1944-1946 եղած է Պուքրեշի «Հայ մշակոյթի տուն»-ի վարչութեան նախագահը: Աշխատակցած է Պոլսոյ, Փարիզի եւ ռումանահայ պարբերական մամուլին: Գրած է շատ մը երկեր, երգիծական յօդուածներ («Յուշեր եւ փուշեր») եւ բժշկագիտական յօդուածներ:
Հրատարակած է «Հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը»` 1919-ին, «Մեր խաչը»` 1921-ին, «Պատգամաւոր շուները»` 1945-ին, «Դէպի հայրենիք, թռչուններու հասարակապետութեան մէջ» վէպերը: «Մեր խաչը»-ը հրատարակուած է նաեւ անգլերէնով, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ:
Սալբի գրչանունի կողքին, երբեմն ստորագրած է Սիրիուս ծածկանունը:
Բժիշկ Արամ Սահակեան մահացած է 17 յունիս 1968-ին, Պուքրեշ:
(*) Բժիշկ Արամ Սահակեանը-Սալբին Պէյրութի նշանաւոր Արամ Սահակեանը չէ:
Մոնրէալ, 27 մայիս 2023
Աղբիւրներ`
- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», Երեւան, 2014:
- Գէորգեան Կարօ, «Ամէնուն տարեգիրքը», Պէյրութ, 1967:
- Ուիքիփետիա, ազատ հանրագիտարան, Արամ Սահակեան, Սալբի:
- AV Production, Սալբի, արձակագիր, բժիշկ:
- Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:
Leave a Reply