Հայաստանի Գիտություններու Ազգային Ակադեմիայէն մետայլ՝ Արհի․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանին

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիան այս տարի կը նշէ հիմնադրութեան ութսունամեակը։ Ակադեմիան 80ամեայ յոբելեանի առիթով զանազան յուշամետայլներ պատրաստած է այն հիմնարկներու անունով, որոնք կը գործեն իր ենթակայութեան ներքեւ։ Անոնցմէ առաջինը՝ որպէս Պատմութեան հիմնարկի յուշամետայլ, շնորհուեցաւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։

Այսպէս, 25 Հոկտեմբերին ԳԱԱի պատմութեան հիմնարկին մէջ հանդիսաւոր նիստ մը գումարուեցաւ նուիրուած՝ Ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ, Վենետիկի գիտութիւններու, գրականութեան եւ արուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ, Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանի ծննդեան 80-ամեակին։

Միջոցառման ժամանակ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժնի ակադեմիկոս եւ քարտուղար, Եուրի Սուվարեան Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանին յանձնեց ԳԱԱի մետայլը։ «Այս մետայլը որ հաստատուած է Ակադեմիոյ 80ամեակի առիթով, կը շնորհուի Լեւոն Արք. Զէքիեանին՝ իր ծննդեան 80ամեայ յոբելեանի օրերուն», ըսաւ ակադեմիկոս Սուվարեան։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ