Թաներ Աքչամ նշանակուեցաւ «Խոստումը» հայկական հիմնարկին Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրի վարիչ

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրի վարիչ նշանակուած է յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամը, որ Մեսեչուսեց նահանգի «Քլարք» համալսարանի ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքի վարիչն է։

Այլախոհ թուրք պատմաբանը հեղինակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարք մը հատորներ, որոնցմէ մէկն է՝ «Սպանութեան հրամաններ. Թալաթ Փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

«Խոստումը» Հայկական հիմնարկի վարիչ Էն Գարակէօզեան կը վստահեցնէ, թէ Աքչամի յաւելումը զարկ պիտի տայ համալսարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոր եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններու։

«Խոստումը» Հայկական հիմնարկը հաստատուած է հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կտակած 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցաւ։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ