Լեզուի գործածութիւնը միշտ ալ եղած է մարդ արարածին միտքերու, կարծիքներու, դէպքերու փոխանցման եւ նոյնիսկ զգացումներու արտայայտութեան միջոցը: Առանց լեզուի կարելի չէ ընկերային յարաբերութիւններ հիմնել եւ ոչ ալ ընկերութիւն մը ստեղծել: Իւրաքանչիւր ազգի համար իր լեզուն իւրայատուկ է, որովհետեւ իր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը կը ներկայացնէ: Հայ ժողովուրդին համար իր լեզուն աստուածահաճոյ ու պատուական լեզու է: Մաշտոցեան 38 գանձերէ թռչնագիր այս տառերը, քով-քովի շարուելով, ոչ միայն բառեր նուիրեցին հայ ազգին, այլ նաեւ ծնունդ տուին բանաստեղծներու եւ արուեստի ստեղծագործութիւններու:
Հայոց հրաշք լեզուն պիտի պահպանուի: Պիտի պահպանուի, երբ խօսինք հայերէն ու մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հայերէն գրենք բոլոր հարթակներուն վրայ, պիտի պահպանուի, երբ լսենք ու երգենք հայերէն: Մեր մայրենի լեզուն պիտի շարունակէ գործել այնքան ատեն որ հայ արուեստագէտը կը ստեղծագործէ եւ մշակոյթի նոր կտորներ կը մատուցէ հանրութեան: Հայ ժողովուրդին համար արուեստի աշխարհը ինքնին լեզու է եւ ինքնութեան էութիւն: Լեզուն միշտ պէտք է զարգացնել` ստեղծելով նորանոր բառեր եւ միշտ վերատեսութեան ենթարկելով բացթողումները:
Հայոց լեզուն եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնը սփիւռքահայութեան հայապահպանման հիմնաքարն է, եւ մեր կառոյցներու ու մշակութային կեդրոններու դերակատարութիւնը հիմնական է այս առաքելութեան պահպանման համար: Որպէս հայոց լեզուի եւ մշակոյթի կեդրոն, Լիբանանի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ու միաւորները յանձնառու են պահպանելու մեր լեզուն սերունդէ-սերունդ: Կարեւոր է, որ տարբեր պատճառներով հայերէն չիմացողները առիթ ունենան սորվելու եւ տիրապետելու հայերէնին: Այս ծիրին մէջ արդէն նախաձեռնած ենք «Կարօտ» դպրոցի հայերէնի ուսուցողական ծրագիրին, որուն ներկայ դրութեամբ կը մասնակցին աւելի քան 18 աշակերտներ, եւ կը հրաւիրենք փափաքողները միանալու այս օգտաշատ ծրագիրին:
Մե՛նք ենք հայոց լեզուն ու մշակոյթը: Մայրենի լեզուով պահենք մեր ինքնութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
https://www.aztagdaily.com/archives/538670
Leave a Reply