Երբեմնի Անի քաղաքի մասին խորհրդակցութիւն

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Փետրուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Կարս նահանգի երբեմնի քաղաքը Անի սիրողներու խումբ մը, որու մաս կը կազմէին Ալի Կիւրպիւզ Սատըքօղլու, Էրպիլ Հիւրեուրթ, Իհսան Աքքուշ, Օսման Պաշչիֆթճի, Էօզկիւր Տէնիզ եւ Իրմա Աբգար։

Այցելուները Նորին Ամենապատուութեան յայտնեցին, որ եկած էին պատմական Անի քաղաքը ծանօթացնելու համար իրենց ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու։

Պատրիարք Հայրը սիրով ունկնդրեց այցելուները, անգամ մը եւս շեշտեց մշակոյթի եւ հազարամեայ Անի քաղաքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն պահպանելու ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու հրամայականը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց իր գոհունակութիւնը, անոր համար որ մշակութային ու գեղարուեստի ոլորտներէն ներս իրագործելի համագործակցութիւնը իր դրական անդրադարձը կ՚ունենար երկու հարեւան երկիրներու՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական կապեր մշակելու ուղղութեամբ։

Հիւրեր Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին Անիի մասին գրի առնուած անգլերէն գիրք մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ