Տեառնընդառաջի տօնը Ղալաթիոյ մէջ նշուեցաւ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Փետրուար 2022, Երկուշաբթի, Տեառնընդառաջի տօնախմբութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Սուրբ Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, ներկայ էին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի վարած դպրաց խումբին կողմէ։

Ներկայ եղան նաեւ Յարութիւն Էպէօղլուի գլխաւորած Ղալաթիոյ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, բնաբան առնելով Մաղաքիա Մարգարէի «Տէրը յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ» (Գ.1) համարը։

Ապա իր շիրմին շուրջ կատարուած հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Երանաշնորհ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքը, վախճանման 281րդ տարելիցին առթիւ։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ