Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են լարուածութիւնը նուազեցնելու դիւանագիտական ուղիները

•

Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Տմիթրի Քուլեպա եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու քննարկած են իրավիճակը Սեւ եւ Ազովի ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ շուրջ լարուածութիւնը նուազեցնելու դիւանագիտական ուղիները:

Այս մասին թուիթըրեան գրառումով մը յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը, միաժամանակ ողջունած «Անգարայի աշխուժ ջանքերը»: Ատկէ բացի, Քուլեպա եւ Չաւուշօղլու քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան զարգացումը:

https://www.aztagdaily.com/archives/538105 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ