Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Տմիթրի Քուլեպա եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու քննարկած են իրավիճակը Սեւ եւ Ազովի ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ շուրջ լարուածութիւնը նուազեցնելու դիւանագիտական ուղիները:
Այս մասին թուիթըրեան գրառումով մը յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը, միաժամանակ ողջունած «Անգարայի աշխուժ ջանքերը»: Ատկէ բացի, Քուլեպա եւ Չաւուշօղլու քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան զարգացումը:
https://www.aztagdaily.com/archives/538105
Leave a Reply