Տեառնընդառաջի ճրագը վառուեցաւ Ֆերիգիւղի մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 13 Փետրուար 2022, Կիրակի երեկոյեան Տեառնընդառաջի նախատօնակին նախագահեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։

Արարողութեանց մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Նաթան Քհնյ. Արապեան, Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհանի եւ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի առաջնորդութեամբ թաղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, կատարուեցաւ տարւոյն առաջին անդաստանը եւ օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Սեղանի մշտավառ կանթեղէն առաւ ճրագը եւ վառեց եկեղեցւոյ կեդրոնը դրուած մեծ մոմը։ Այս մոմէն է, որ նախ հոգեւորականներ, ապա դպիրներ եւ ժողովուրդը վառեցին իրենց մոմերը։

Նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, նիւթ ունենալով լոյսը, շեշտելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի եւ իւրաքանչիւր եւ մարդ արարածի լոյսը ըլլալու գաղափարը։

Յաւարտ եկեղեցական հանդիսութեան, տեղւոյն թաղային խորհուրդը թէյասեղանով մը հիւրասիրեց Նորին Ամենապատուութիւնն ու ներկայ հոգեւորականաց դասը։

 https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28  

Արխիւ