Առաջաւորաց պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ: Ըստ պատմագրութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տրդատ թագաւորին ու արքունի աւագանիին կը թելադրէ հինգ օր ծոմ պահել՝ մկրտութեան խորհուրդը ստանալէ առաջ: Տրդատ թագաւոր եւ իր նախարարները, հետեւելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի թելադրութեան, հինգ օր ծոմ կը պահեն եւ կ’ազատուին դեւերէ ու մարմնաւոր ախտերէ: Այս իսկ պատճառով, սկզբնական շրջանին, Առաջաւորաց պահքը կը կոչէին փրկութեան պահք:
Նկատի ունենալով ծոմապահութեան խիստ պայմանները, ներկայիս Առաջաւորացը կը պահուի միայն երեք օր:
Գիտէի՞ր թէ.-
=> Առաջաւորաց պահքը կը սկսի Քառասնորդաց պահքէն (Մեծ պահքէն) երեք շաբաթ առաջ:
=> Առաջաւորաց պահքի ընթացքին, եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ չի մատուցուիր եւ Ս. Գիրքի ձայնաւոր ընթերցում չի կատարուիր:
=> Միջնադարուն, Առաջաւորաց պահքը թիւրիմացաբար կապակցուած էր Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին հետ։ Այս պատճառով ալ ներկայիս տակաւին կը կոչուի Ս. Սարգիսի պահք՝ թէեւ Առաջաւորաց պահքը առնչութիւն մը չունի Ս. Սարգիսի յիշատակութեան հետ:
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան
Yerakouyn.com
Leave a Reply