Հարիւրաւոր ցուցարարներ Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի նախատեսուած այցելութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:
Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջած են հրաժարիլ իսրայէլացի քաղաքական գործիչին ուղղուած հրաւէրէն:
Թուրքիոյ նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ Իսրայէլի նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի առաջին կիսուն եւ այդ այցելութիւնը նոր էջ պիտի բանայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք վատթարացած էին 2010 թուականին «Մաւի Մարմարա» թրքական նաւուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով:
Նշենք, որ Թուրքիա այցելած Իսրայէլի վերջին նախագահը Շիմոն Փերեսն էր: Ան Իսրայէլ այցելած էր 2007 թուականին: Կիրակի օր Եիցհաք Հերցոկ առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
https://www.aztagdaily.com/archives/536969
Leave a Reply