Մելիք Շահնազարի ժառանգորդներու միջեւ երկպառակութիւն եւ Ջումշուդ` Վարանդայի տիրակալ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի ազատագրութեան հարցով հնդկահայ մեծահարուստ վաճառական Շահամիր Շահամիրեան Մատրասէն կը շարունակէր նամակագրական կապ պահել Հերակլ թագաւորին հետ եւ կը հաստատէր, որ վրաց արքան կրնայ հայոց ազատարարը ըլլալ:
Հերակլի Ռուսաստանի հովանաւորութեան տակ մտնելը աւելի ամրապնդած էր Շահամիրեանի յոյսը, այն հիմամբ, որ ռուսաց օժանդակութեամբ ու նեցուկով Վրաստան կը զօրանայ եւ նոյնիսկ աշխարհակալութեան շրջան մը կը բացուի անոր համար, ինչպէս որ նախատեսուած էր Գէորգիեւսկի դաշնագիրին մէջ:
Հերակլ Բ. Շահամիր Շահամիրեանի վրաց իշխանի տիտղոս շնորհած էր, անոր բազմավաստակ հաւատարմութեան համար:
Հերակլ Բ. հետաքրքրուած էր այն հանգամանքով, որ գործ ունի անբաւ հարստութեան տէր մարդու մը հետ:
Վրաց արքունիքին մէջ իւրայատուկ վերաբերմունք մշակուած էր հայերու նկատմամբ, որուն մէջ առաջնահերթը Վրաստանի շահերն էին: Հերակլ Բ. կը ձգտէր իր շահերուն համապատասխանեցնել հայերու ծրագիրները եւ անոնցմէ հմտօրէն կ՛ընտրէր այն կէտերը, որոնք ձեռնտու էին իրեն:
Շահամիրեան Հերակլ Բ.ի ուղարկած էր Մովսէս Խորենացիի Պատմութեան մէկ օրինակը, որպէսզի վրաց թագաւորը կարդայ եւ գիտնայ հայոց անցեալը, մանաւանդ իր նախահայրերու` Բագրատունիներու պատմութիւնը:
Շահամիրեան կ՛ուզէր յիշեցնել, որ Բագրատունիները շատ հին ծագում ունին եւ մեծ դեր ունեցած են պատմութեան մէջ: Հայաստանի Արշակունեաց թագաւորութեան ժամանակ անոնց կը պատկանէր թագադիր ասպետի արքունի գործակալութիւնը: Արաբական տիրապետութեան ժամանակ հայոց իշխանի պաշտօնը մեծ մասամբ վարած են Բագրատունիները: Բագրատունիներու հայոց թագաւորութիւնը գոյատեւեց 885-էն 1045: Բագրատունիներու մէկ ճիւղը Թ. դարու վերջաւորութեան Վրաստանի մէջ հիմնեց վրաց Բագրատունիներու (վրացերէն` Բագրատիոնի) հարստութիւնը, որուն շառաւիղն էր Հերակլ Բ.:
Շահամիրեան կը շեշտէր ըսելով որ Բագրատունիները ժամանակ մը թագաւորած են Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար վրաց թագաւորի տոհմային ժառանգութեան մէկ մասը` Հայաստան կը գտնուի պարսից տիրապետութեան տակ: Այժմ հասած է ժամանակը, որ Հերակլ իր իշխանութիւնը տարածէ նաեւ պարսիկներուն վրայ: Ժառանգութեան մնացեալ բաժինը կը գտնուի թուրքերու տիրապետութեան տակ. պէտք է պատրաստուիլ այդ բաժինն ալ ստանալու համար:
Շահամիրեան միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Հերակլի, իրեն իշխանական տիտղոս շնորհելուն համար եւ կ՛աւելցնէր ըսելով, որ երբ իր վաճառականական գործունէութիւնը վերջացնէ, այն ժամանակ կը կամենայ սեփական հող ունենալ, իշխանի պէս ապրելու համար:
***
Շահամիր Շահամիրեան նուէրներու անուան տակ յաճախակի գումարներ կը տրամադրէր վրաց թագաւորին եւ անոր արքունիքի հայ իշխանաւորներուն: Նման մեծահարուստ մը Վրաստան բերելը ձեռնտու էր Հերակլի, եւ ան իր որդի գահաժառանգ Գէորգիի հետ որոշեց Լոռին Շահամիրեանի նուիրել:
Հերակլ Բ. հրովարտակ հրապարակեց` Լոռի գաւառը, իբրեւ ժառանգական տիրոյթ Շահամիր Շահամիրեանի նուիրաբերելու մասին, իսկ շնորհագիրը Հնդկաստան տանելու գործը յանձնարարուեցաւ Յովսէփ Դանիէլբէկեանցի:
Հօր ցանկութեան համաձայն գահաժառանգ իշխան Գէորգի 16 նոյեմբեր 1790-ի յատուկ հրովարտակով իրեն պատկանող Լոռի գաւառը, բոլոր գիւղերով եւ հողերով, նուիրաբերեց Շահամիր աղային` իբրեւ յաւերժ ու ժառանգական տիրոյթ: Նուիրաբերուած երկրի սահմաններն էին, արեւելքէն` Շամլուղի լեռը, արեւմուտքէն` Կարաղաջի, հարաւէն` Դուալի եւ հիւսիսէն` Եղուարի (Լեգուէր) լեռները: Հրովարտակին կցուած էր շրջանի քարտէսը:
Ճամբայ ելլելով` Յովսէփ Դանիէլբէկեանց Հնդկաստան հասաւ մօտաւորապէս մէկ տարի ետք եւ հրովարտակն ու քարտէսը Շահամիրեանի յանձնեց:
Վրաստանի համար ձեռնտու էր, որ լեզգիներու ու լեռնական այլ ցեղերու յաճախակի ասպատակութիւններու պատճառով աւերուած ու մասամբ ամայացած Լոռին վերակենդանանար:
Արցախէն մեծաթիւ հայեր հեռացած էին եւ կը շարունակէին հեռանալ ու ցրուիլ տարբեր կողմեր: Կարելի էր զանոնք Լոռիի մէջ բնակեցնել:
Շահամիր Շահամիրեան 1792-ին նամակ գրեց Ղուկաս կաթողիկոսին, յայտնելով որ մտադիր է Լոռի գաւառը Ղարաբաղի սիրեցեալ մելիք Աբովին տալ: Մելիքը, որ իր երկրէն հեռացած է, իր ժողովուրդին հետ կրնայ Լոռի փոխադրուիլ:
Միաժամանակ Շահամիրեան Հերակլ Բ.ի առաջարկեց իրագործելու արցախցիները Լոռի տեղափոխելու ծրագիրը:

Բուն Արցախի գործերը Շահամիրեան կ՛առաջարկէր կարգաւորել հետեւեալ կերպ: Հարաւային Արցախը պէտք է բոլորովին կորած համարել: Արցախցիք դէս ու դէն կը ցրուին, մինչդեռ կարելի է զանոնք այնպիսի տեղեր հաւաքել, ուր անոնք կարենան պահպանել իրենց աւանդական ինքնավարութիւնը: Ատոր համար պէտք է նախ եւ առաջ հաշտութիւն կնքել Շուշիի խանին հետ եւ նոյնիսկ յարձակողական ու պաշտպանողական դաշինք կապել անոր եւ մելիքներուն միջեւ: Այնուհետեւ մելիք Աբովի եւ մելիք Մեջլումի որդիները, որոնք Իպրահիմ Խալիլ խանի ձեռքը ինկած են եւ Շուշիի մէջ կը պահուին, կը ստանան իրենց հօրենական կալուածները` Գիւլիստանն ու Ջրաբերդը: Մելիք Աբով Արցախէն հեռացած իր ժողովուրդին հետ կը հաստատուի Լոռիի մէջ, մելիք Մեջլում` Շամքորի մէջ: Այս վայրերուն մէջ արցախցիք խաղաղութիւն վայելելով կը բազմանան, կը զօրանան եւ դիւրութեամբ կրնան զսպել Շուշիի խանը:
Շահամիրեան միաժամանակ Ղուկաս կաթողիկոսին կ՛առաջարկէր օտար տիրապետութեանց դէմ քաղաքական շարժում սկսիլ, եւ կ՛աւելցնէր. «Ինչպէս քաղցածը կ՛երազէ հաց տեսնել, իսկ ծարաւը` ջուր, կարելի է, որ իմ մտքի ձգտումներն ալ այդպէս ըլլան»:
Ղուկաս կաթողիկոս կը պատասխանէր ըսելով որ հայերը թշնամիներով շրջապատուած են, ենթարկուած են անողորմ տիրապետողներու եւ չեն կրնար քաղաքական շարժում սկսիլ:
***

Աղուանից հակաթոռ Իսրայէլ կաթողիկոս Գանձակէն Արցախ վերադառնալէն ետք, Իպրահիմ Խալիլ խանի կարգադրութեամբ իր աթոռը Ամարասի վանքին մէջ հաստատած էր:
Մելիք Շահնազարի մահուան առիթով, 1792-ին, Իսրայէլ կաթողիկոս գրաւոր վկայութիւն արձանագրեց.
«Ի ՌՄԽԱ թուին հայոց, որ մելիք Շահնազարն մին ազար գտաւ լաւ էր թէ՛ խանին մօտն, թէ՛ իւրեան բանին, թէ՛ իւրեան սառըշդին վերահասու լինելն, ամենայն հարցի եւ գործի մուղայաթ էր` թէ չէ խելքիցն ընկել էր, եւ ինքն բանի տեղեակ մարդ էր եւ իմաստուն»:
Այնուհետեւ Իսրայէլ կաթողիկոս հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ մելիք Շահնազարի ընտանեկան կեանքին, ժամանակի բարքերուն եւ իրաւական հասկացողութիւններու մասին:
Մելիք Շահնազար չորս տղայ ունէր. Ջումշուդ, Հիւսէյն, Ջհանբախշ եւ Ջհանգիր:
Իսրայէլ կաթողիկոս կը շարունակէ. «Ջումշուտ մեծ որդին էր, նորանից վերն Հուսէինն էր, առաջ Ջումշուտին հրաւիրեց թէ` որդի՛, ես ծերացել եմ, քիչ մի ազար էլ ունիմ, դու ինքդ էլ իմ մեծ որդին ես, ե՛կ իմ էլածն, թէ նաղդ, թէ վեջ, թէ հայվանաթ, թէ միւլք քեզ հիպա անեմ քանի որ խելքս գլխիս է, քանի որ ասեց` Ջումշուտն յանձն չառաւ` թէ լալա, ես քու ապրանքին թամահ չունեմ, ես էնչափ ունեմ, որ ինձ հերիք է»:
Տոհմական նահապետական իրաւունքով հօրը պէտք է յաջորդէր աւագ որդին` Ջումշուդ, որ ծնած էր մելիքի օրինաւոր առաջին կնոջմէն` Թագումէն:
Սակայն Ջումշուդ չէր ուզած հօր օրինակին հետեւիլ եւ անոր գործը շարունակել: Եղբայրներուն միջեւ երկպառակութիւնը խորացած էր:
Իսրայէլ կաթողիկոս կ՛ըսէ. «Սրանից ետ (մելիք Շահնազար) Հուսէինին կանչեց մօտն, էս թաքլիպս էլ Հուսէինին արաւ, սա էլ յանձն չառաւ: Սրանից ետն Ջհանկիրին` թէ որդի, ես քանի կենդանի եմ, եկ իմ ապրանքս քեզ հիպա անեմ. էս Ջհանկիրն էլ յանձն չառաւ: Նորանից ետն Ջհանպախշն կոչեց մօտն` ասաց, որդի, ես էս Խամսումս մին մարդ եմ, ինձ աշխարքս գիտեն, կարում չեմ, որ ես էս դովլաթս կառավարեմ, շատ է, եւ էլ մենակ եմ, եկ ես քեզ հիպա անեմ, էս տունս էս դովլաթս դու եո՛լ տար. էս Ջհանպախշն յանձն չառաւ. ետն մելիք Շահնազարն շատ նեղացաւ, մինշա Ջհանպաշխին անիծեց»:
Այս ժամանակ ալ մելիք Շահնազար իր որդիներուն վրայ հոգաբարձու կարգած էր իր բարեկամ Իպրահիմ Խալիլ խանը, անոր յանձնելով իր ժառանգնորդներէն յարմարագոյն նկատուածը յաջորդ կարգելու իրաւասութիւնը:
Մելիք Շահնազար ուզած էր, որ իր ընտանեկան հարցերուն իրաւարար ըլլայ նաեւ Իսրայէլ կաթողիկոս, եւ այդ նպատակով ալ զայն Շուշի հրաւիրած էր: Կաթողիկոսը կը գրէ.
«Մելիք Շահնազարս մարդ ուղարկեց, մենք էլ Ամարաս եւ Գրիգորիսի աթոռումն ենք. եկինք Շուշուայ բերդն հանդերձ Սիմէոն, Մելիքսէթ եւ Օհան վարդապետիւքն. մեզ եւս վարդապետքն նստեցրուց թէ ես իմ կամաւ եւ իմ յօժարութեամբ Ջհանպախշն իմ որդի արի եւ իմ ապրանքս հիպա արի իւրեան. մեծ որդի Ջումշուտն էլ էնտեղ նստած կայր. թէ դու մեր հայրապետ ես, քո ձեռքովդ պիտի լինել էս բանս. մենք էլ ասացինք թէ բարի է»:
Մելիք Շահնազար Ամարասի վանքի վերակառուցումը աւարտին հասցնելու եւ Սուրբ Գրիգորիսի եկեղեցին նորոգելու համար ահագին հարստութիւն եւ քսակներով ոսկի ձգած էր, Ջհանբաշխի յանձնարարելով հոգալ բոլոր ծախսերը: «Ջհանպաշխն պիտի ինքն պիտի խարջել (Սուրբ Գրիգորիսի Աթոռին վրայ), թէ խարջի ո՛չ` ԳՃԺԸ հայրապետաց նզովքի ներքեւի լինի»:
Մելիք Շահնազար 1792-ի Վարդավառի տօնէն ետք ծանրօրէն հիւանդացած եւ գիտակցութիւնը կորսնցուցած էր: Շրջանի երեք բժիշկները չէին կրցած բժշկել զայն: Իսրայէլ կաթողիկոս կ՛ըսէ. «Մելիք Շահնազարի ազարն օր աւուր աւելցաւ եկաւ էն տեղն հասաւ, որ Գ. հաքիմ կար, վերէն ձեռք քաշեցին, աշկարա ասեցին թէ` մենք էդ մարդին իլաճ չի կարացինք անել էսօր եւ վաղն կը մեռնի, եկաւ էնտեղ հասաւ, որ մելիք Շահնազարս պէյուշ էլաւ, խելքն գլխիցն թաղայիր եղաւ»:
Հօր մահամերձ վիճակին մէջ Ջումշուդ գիր շինել տուաւ եւ ձեռք դրաւ Ջհանբաշխի յանձնուած ժառանգութեան վրայ:
Մելիք Շահնազար երեք օր զգայազիրկ մնալէ ետք մահացած էր:
Հօր մահէն ետք Ջումշուդ Ջհանբաշխէն բռնութեամբ առաւ հօրենական հարստութիւնները եւ Աստրախան ուղարկեց:
Իսրայէլ կաթողիկոս կ՛ըսէ. «Մելիք Շահնազարին ինչ որ ապրանք ունէր, Ջումշուտն Ջհանպախշիցն զոռով առաւ ուղարկեց Հաշտարխան. եթէ դատաստան մտնեն, դատաւոր լինի, այն ապրանքն Ջհանպախշին հասնել պիտի. պարտական լինի ուղիղ չի դատողն. ամեն»:
***
Տոհմական նահապետական աւանդութեան համաձայն Ջումշուդ յաջորդեց հօրը իբրեւ Վարանդայի մելիք:
Մելիք Ջումշուդ չուզեց հօր նման Իպրահիմ Խալիլ խանի հլու կամակատարը ըլլալ եւ փորձեց կապ հաստատել մելիք Մեջլումի եւ մելիք Աբովի հետ:
Սակայն մելիք Ջումշուդ Արցախի մէջ մինակ մնացած էր Իպրահիմ Խալիլի դէմ եւ Ղարաբաղի խանը զայն զսպելու ամէն հնարաւորութիւն ունէր:
https://www.aztagdaily.com/archives/535801
Leave a Reply