Հիւսիսային կիպրոսի այսպէս կոչուած թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար մեկնաբանած է Կիպրոսի յոյներուն կատարուելիք հաւանական զիջումները: Այս մասին կը գրէ թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը:
Ան Կեսարիա նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Երբ մենք կը քննենք առաջարկը, մեզի կ՛ըսեն, որ մենք պէտք է Վարոշան վերադարձնենք, եւ որ Էրճան օդակայանը կրնայ բացուիլ ուղղակի թռիչքներու համար` ՄԱԿ-ի հովանիին տակ: Մենք չենք կրնար ատիկա ընդունիլ… Վարոշան մեծ ծառայութիւն մատուցած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ զբօսաշրջութեան»:
Էրսին Թաթար նշած է, որ նոյնիսկ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ընթացքին Վարոշա այցելած է 400 հազար զբօսաշրջիկ, եւ այս գծով աւելցուցած է. «Յուսանք համաճարակէն ետք շարժումը շատ աւելի աշխուժ պիտի ըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան կղզին բռնագրաւած է 1974 թուականին: Վարոշա քաղաքը տասնամեակներ մնացած էր իբրեւ ուրուական քաղաք. Թուրքիան 2021 թուականին որոշեց զայն վերաբանալ:
https://www.aztagdaily.com/archives/536667
Leave a Reply