Տաւութօղլու. «Թուրքիոյ հողերէն քար մը անգամ վերցնել փափաքողները պէտք է իրենց չափն ու սահմանը գիտնան»

DavudCNN լրատուական կայանի Թուրքիոյ բաժանմունքը կը յայտնէ, որ այս օրերուն Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Պաքուի մէջ անդրադարձած է որոշ հայ պաշտօնեաներու կողմէ Թուրքիոյ ուղղուած հողային պահանջի մասին պնդումներուն:
 
Տաւութօղլու յայտարարած է. ««Թուրքիոյ հողերէն քար մը անգամ վերցնել փափաքողները պէտք է իրենց չափն ու սահմանը գիտնան: Ոչ ոք նոյնիսկ մտքի ծայրէն պէտք է նման բան անցնէ:
 
Այս նիւթին շուրջ կատարուած յայտարարութիւնները զառանցանք են: Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը ապահովելու համար ամէն մարդ իր  չափն ու սահմանը պէտք է գիտնայ: Թուրքիոյեւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը մեզի համար ամենէն կարեւորն է»:
 
Յիշեցնենք, որ վերջերս Հայոց Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած իրաւաբաններու համաժողովի ընթացքին, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը իր ելոյթին մէջ նշսծ էր, որ  հայ եկեղեցւոյ պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ կանգուն մնացած եկեղեցիները և եկեղեցապատկան հողերը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ