ՄԱՐՄԱՐԱ. Լրահոս

ՄԱՐՄԱՐԱԷկէմէն Պաղըշ առաջարկեց Թուրքիոյ Սահմանադրութիւնը հիմնովին բարեփոխել

Պաղըշ. “Թուրքիա հարց չունի Հայաստանի հետ”

Եւրոմիութեան Նախարար Էկէմէն Պաղըշ, երէկ իֆթարի ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ եւ յայտնելով, թէ Թուրքիա շատ զգայուն շրջանի մը մէջէն կ՚անցնի, առաջարկեց փոխանակ փոխելու Սահմանադրութեան մէջ կարգ մը տրամադրութիւնները, փոխել ընդհանուր Սահմանադրութիւնը։ Պաղըշ շեշտեց, որ մայիսին, Կէզի զբօսայգիի մէջ, ժողովրդային մեծ զանգուածներ հինգ-վեց ծառերը պատրուակելով, Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին մեծ կռիւներ յարուցանեցին։ Բայց Թուրքիա դիմադրեց այդ կռիւներուն եւ յաջողեցաւ անդորրութիւն ապահովել։

Նախարարը Պաղըշ յայտնեց, որ Թուրքիա պէտք է ձերբակալէ Եւրոմիութեան պարտադրած չափանիշները, եւ ատոր համար ալ պէտք է կարեւոր քայլեր առնուին։ Յետոյ ան իր խօսքերը շարունակեց հետեւեալ կերպով. “Թուրկութ Էօզալ իր մէկ խօսակցութեան ընթացքին ըսած էր, որ իր մայրը քիւրտ է։ Այլ խօսակցութեան մը ընթացքին ալ ըսած էր որ իր մօրաքոյրը Թրքերէն չէր գիտեր։ Բայց ան չէր կրցած ըսել որ ինք քիւրտ է։ Երկրի մը մէջ, ուր պետական հեռատեսիլը օրը 24 ժամ քրտերէն հաղորդում կը կատարէ, Հանրապետութեան նախագահ մը չի կրնար ըսել, որ ինք քիւրտ է։ Դատապարտեալները արտօնութիւն ունին իրենց մայրերուն հետ քրտերէն խօսելու։ Հայ հայրենակիցները 112 տարի վերջ կրցած են Աղթամարի, Ուղղափառ հայրենակցիները` 88 տարի վերջ Սիւմէլայի մէջ կրօնական արարողութիւններ կատարել։ Հաւատքի ազատութեան դէմ չենք։ Թուրքիա եթէ բաղդատուի անցեալի հետ, ներկայիս շատ լաւ հանգրուանի մը հասած է, այնուհանդերձ կատարեալ չենք”։

Պաղըշ այս արտայայտութիւններէն ետք պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։ Յայտնեց, որ Թուրքիա հարց չունի Հայաստանի հետ։ Հայ Սփիւռքի մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ երկիրներու մէջ իր ազգային դիմագծութիւնը պահպանելու համար Թուրքիոյ եւ թուրքերու դէմ տեւաբար ատելութիւն կը քարոզէ։

Պաղըշ ըսաւ, որ այս մասին անձնական վկայութիւն մը ունի։ Ամերիկայի Պոսթոն քաղաքին մէջ մանկապարտէզի տղոց հետեւեալը կը սորվեցնեն. “Կը նախընտրեմ շուն ըլլալ, փոխանակ աղտոտ թուրք մը ըլլալու”։ Յետոյ շարունակեց. “Այս նախադասութիւնը իւրացնող մանուկ մը անկարելի է որ կարենայ տաքուկ զգացումներ սնուցանել Թուրքիոյ հանդէպ։ Հայերու կողմէ Թուրքիոյ դէմ թշնամանքի այս քարոզչութիւնը կ՚ապահովէ, որ այդտեղ ապրող հաւաքականութիւնը նոյն գաղափարին շուրջ հասարակաց համոզումներ իւրացնէ։ Եթէ նիւթը Հայաստանի հետ լուծել հարկ ըլլայ, այդ հարցը կարգ մը տնտեսական միջոցներով կը լուծուի։ Մարդիկը չքաւորութեան պատճառով այլ երկիրներ կը գաղթեն։ Թուրքիոյ մէջ 70 հազար հայ հայրենակիցներ փախստականի կարգավիճակով աշխատանք կը տանին։ Կիները առաւելաբար մանուկներ եւ տարեցներ կը խնամեն։ Եթէ ազգովին հայերու հանդէպ ատելութիւն սնուցանէինք, մեր ամէնէն նուիրական հոգեհատորները՝ մեր մանուկներն ու մեր տարեցները անոնց չէինք յանձներ։ 2015-ը, որ հայերու կողմէ 100-ամեակի յիշատակութեան տարի է, այս տարեդարձը անտարակոյս պիտի գործածուի մեզի դէմ։ Բայց մենք ո’չ թէ հարիւրամեակի, այլ նոյնիսկ հազարամեակի առիթով իսկ կարելի չէ, որ ընդունինք յանցանք մը, զոր չենք գործած”։

Էկէմէն Պաղըշ ապա շեշտը դրաւ զինուորական յեղափոխութիւններու նիւթին վրայ։ Ըսաւ, որ զինուորական յեղափոխութիւն կը նշանակէ երկրի մը գրաւումը՝ իր իսկ բանակին կողմէ։ Ուստի ռաջարկեց, որ Սահմանադրութեան մէջէն այս մասին տրամադրութիւնը ջնջուի, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը ուժականութիւն  ստանայ։ “Այդ փոխոխութիւնը կարելի է մէկ գիշերէն կատարել”,- ըսաւ Պարըշ` միաժամանակ շեշտելով, որ Սահմանադրութեան մէջ տրամադրութեան մը փոփոխութիւնը Թուրքիան պետական հարուածի մը ամօթէն չի փրկեր։ “Ուստի պէտք է հիմնական փոփոխութեան ենթարկել Սահմանադրութիւնը։ Փոխանակ տրամադրութիւնները փոխելու, ընդհանուր Սահմանադրութիւնը փոխենք։ Եթէ հարկ ըլլայ, հանրաքուէի դիմենք”,- ըսաւ նախարարը։

Հռոմի քահանայապետը 2014ի նոյեմբերին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ յունաց պատրիարքի հրաւէրով

Կաթոլիկ աշխարհի քահանայապետ Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը 2014-ի նոյեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա։

Տեղական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Վատիկանի մօտիկ աղբիւրներու կողմէ տրուած տեղեկութիւններու համաձայն` Վատիկան սկսած է նախապատրաստուիլ այդ այցելութան։ Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը, ինչպէս ծանօթ է, մարտին կաթոլիկ աշխարհի գահակալ ընտրուեցաւ, եւ գահակալութեան հանդիսութեան ընթացքին յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքը Իսթանպուլ հրաւիրեց զինքը։

Կը նշուի, որ 2014-ին կայանալիք այս այցելութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի կաթոլիկ եւ օրթոտոքս աշխարհի համար ու կրնայ զարգացնել քրիստոնէութեան այս երկու ուղղութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը։ Հռոմի քահանայապետի Իսթանպուլ այցելութեան թուականն ալ հետաքրքրական թուական մըն է. կը զուգադիպի Իսթանպուլի մէջ օրթոտոքս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ 330-ին Հռովմէական կայսրութեան կողմէ զայն ճանչնալու օրուան` 30 նոյեմբերին։ Կը հաղորդուի, թէ տակաւին չէ ճշդուած` Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը Անգարա պիտի այցելէ՞, թէ ոչ։

Հայ-թուրք պատմութիւնը դարձեա’լ կը գրուի

Թուրք պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրօֆ. Տօքթ. Մէհմէտ Մէթին Հիւլակիւ, երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով, յայտարարեց, թէ կաճառի մասնագէտները գործի լծուած են` դարձեա’լ գրելու համար հայ-թուրք յարաբերութիւններու պատմութիւնը՝ ծանրանալով պատմական հանգրուաններու վրայ։ Ըստ Հիւլակիւի` զանազան ոլորտներու ակադեմականներ բովանդակալից յօդուածներով պիտի կազմեն ամբողջական համայնագիտարան մը, լոյս սփռելով քաղաքական ու հաւաքական յարաբերութիւններու վրայ։ Պատմութեան կաճառի նախագահը ըսաւ, որ այս աշխատանքով ձեռք պիտի առնուին երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները` հասնելով մինչեւ ներկայ օրերը։ Աւելցուց, որ գիտական այս ուսումնասիրութիւնը թուրք եւ հայ հաւաքականութիւններու բոլոր երեսակները պիտի ներկայացնէ, մասնաւորաբար շեշտելով ընկերային կողմերը։

Այս աշխատութիւնը թէ’ 2015-ի, այսինքն Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներու հարիւրամեակի համար նախապատրաստական ծրագիր մը պիտի ըլլայ եւ թէ’ պիտի ըլլայ ակադեմական ամբողջական աշխատասիրութիւն մը։

Հիւլակիւ ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհ կը վիճաբանի Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներու մասին, բայց Թուրքիոյ մէջ, որ այդ պնդումներու կեդրոնն է, տակաւին ամբողջական կամ լիակատար ո’չ մէկ աշխատանք տարուած է այդ ուղղութեամբ։ Ասիկա կարեւոր պակաս մըն է, շեշտեց Պատմութեան կաճառի նախագահը` ըսելով. “Կ՚ըսենք հայկական ապստամբութիւններ, սակայն գիտական կամ ակադեմական ամփոփ, հաւաքական որեւէ աշխատանք չունինք այդ դէպքերու մասին”,- դիտել տուաւ Փրօֆ. Հիւլակիւ։

Ասուլիսի վերջաւորութեան Հիւլակիւ շեշտեց, թէ աշխատասիրութիւնը միայն պատմական ու քաղաքական երեսակները չէ, որ պիտի պարփակէ, միաժամանակ արուեստի, ընկերային ու մշակութային փոխադարձ ազդեցութիւններուն ալ տեղ պիտի տրուի ակադեմականներու գրիչով։ Ան ըսաւ, որ այն ակադեմականները, որոնք մասնակցիլ պիտի ուզեն այս ծրագրին, կրնան իրենց դիմումը ներկայացնել Թուրք պատմութեան կաճառի համացանցային էջի վրայ ու յետոյ պատրաստել ու կաճառի պատասխանատուներուն յանձնել իրենց ուսումնասիրութիւնները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ