Ներքին նախարարը յստակ պատասխանեց

ՄԱՐՄԱՐԱԱռաջին հանգրուանը վերջացած չէ որպէսզի երկրորդը սկսի

Ներքին նախարար Մուամմէր Կիւլէր երէկ անուղղակի կերպով պատասխանեց Պէ-Տէ-Փէցի ղեկավարներուն, որոնք օրերէ ի վեր կը պնդեն, որ Քրտական հաշտութեան գործընթացի եւ ՓՔՔ-ի Թուրքիայէ դուրս ելլելու գործողութեան առաջին հանգրուանը վերջացած է, պէտք է բացուի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ երկրորդ հանգրուանը, բայց կառավարութիւնը չ՚առներ այս ուղղութեամբ իրմէ սպասուած քայլերը։ Մուամէէր Կիւլէր յստակ խօսեցաւ։ Երկրորդ հանգրուանը չէ սկսած, որովհետեւ առաջին հանգրուանը տակաւին չէ վերջացած, ըսաւ ան։ “Ճիշդ է, որ ՓՔՔ-ի զինեալները կը հեռանան, շարժում մը կայ ու շարժումը կը շարունակուի, մենք ալ ուշադրութեամբ կը հետեւինք։ Առաջին հանգրուանը կը նախատեսէ, որ զինեալ ուժերը բոլորովին հեռանան երկրէն։ Անշուշտ յայտնի է, որ այդ զինեալ ուժերը տակաւին ամբողջովին դուրս չեն ելած։ Կը շարունակեն ելլել։ Կամ այդպէս կ՚ըսուի։ Մենք ալ կը հետեւինք։ Անկէ վերջ է, որ երկրորդ հանգրուանին կարգը պիտի գայ։ Սա պահուն երկրորդ հանգրուանը չէ բացուած, որովհետեւ երկրորդ հանգրուանի բացման պայմանները տակաւին մէջտեղ ելած չեն։

Ներքին նախարարը ըսաւ, որ այս գործընթացին մէջ ամէն մարդ պէտք է կատարէ իրեն վիճակած պարտականութիւնը, ով որ իր նեղ շահերուն համար կը կացինահարէ գործընթացը, իրեն ի վնաս գործած կ՚ըլլայ։

Ներքին նախարար Կիւլէր հերքեց նաեւ Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու ատեանին կողմէ կազային ռումբերու մասին որոշումը ու ըսաւ, որ աշխարհի վրայ չկայ ոստիկանական ուժ մը, որ նմանօրինակ միջոցառումներ չգործադրէ ապօրէն հաւաքոյթներու կամ ցուցարարներու դէմ։ Ոստիկանութիւնը, Եւրոպական երկիրներն ալ ներառեալ, օրէնքով արտօնուած է գործածել ջուրի սրսկում, կազային ռումբ կամ հարուածային փամփուշտ եւայլն։ Ոստիկանութիւնը այսպէս է, որ պիտի կանխէ ապօրէն ձեռնարկները, ըսաւ Մուամէէր Կիւլէր։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ