Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նախապատրաստութիւններ

commemorՅուլիս 6ին, Պոլսոյ մէջ, «Ցեղապաշտութեան եւ Ազգայնամոլութեան Կեցի՛ր ըսէ» (աւելի ծանօթ՝ DurDe անունով) նախաձեռնութիւնը՝ երկու նիստէ բաղկացած ժողով-վիճարկում մը կազմակերպած է, ճշդելու համար այն ծրագիրը, որ պիտի գործադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ։

Առաջին նիստին բանախօսութիւններ ներկայացուցած են Թանէր Աքչամ, զոր ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը չենք զգար այլեւս, ինչպէս նաեւ Իւմիթ Քուրթ, որ «Օրէնքներուն ոգին» գիրքին հեղինակն է։ Քուրթ խօսած է յատկապէս ուրացման քաղաքականութեան մասին։

Իսկ երկրորդ նիստին, մասնակիցները վիճարկած են 100ամեակին ընդառաջ որդեգրուելիք ծրագրին շուրջ։

http://www.horizonweekly.ca/news/details/12410

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ