Հայոց Ցեղասպանութեան` թուրք ղեկավարներու հոգեբանական նկարագիրը

HushardzanՊատմութեան մէջ կան թուականներ եւ դէպքեր, որոնք երբեք անցեալ չեն դառնար: Այդպիսին է 1915 թուականի Հայոց Մեծ եղեռնը: Անցնող տարիները չկրցան մթագնել հայ ժողովուրդի մտահորիզոնն ու գիտակցութիւնը, եւ այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած Հայ ժողովուրդի զաւակները, կը շարունակեն մնալ պահանջատէր իրենց արդար դատին, ու հաւատարիմ՝ իրենց նահատակներու կտակին:
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը, իր հերթական դասախօսութիւնը նուիրած էր Ցեղասպանութեան ղեկավարներու հոգեբանական վերլուծութեան, որ տեղի ունեցաւ յունիս 9ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ: Հանդիսավարուհի Սալբի Պոստանեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին բարի գալուստ մաղթելէ ետք ունկնդիրներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակի վեթերան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, նոյն համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ գիրքերու հեղինակ փրոֆ. Հրայր Տէօքմէճեանը, ապա հրաւիրեց զայն՝ սկսելու համար հետաքրքրութեամբ սպասուած դասախօսութիւնը:
Քաղաքական գիտութիւններու հմուտ մասնագէտ դոկտ. Հրայր Տէօքմէճեանի այս դասախօսութիւնը էապէս կը տարբերէր Ցեղասպանութեան նուիրուած այլ դասախօսութիւններէ, այն առումով, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճարտարապետներու հոգեբանութեան յստակ եւ գիտական վերլուծութեան: Այդ ոճրագործներու անհատական եւ խմբակային եզակի հոգեբանական վերլուծութիւնը լարուած պահեց հանդիսատեսը, մինչեւ դասախօսութեան աւարտը, երբ տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց-պատասխանի պահ, որուն ընթացքին ունկնդիրները ստացան սպառիչ եւ համոզիչ պատասխաններ զիրենք հետաքրքրող բոլոր հարցերուն:
Փրոֆ. Տէօքմէճեան Ցեղասպանութեան հարցին մօտեցաւ անհատական եւ խմբակային հոգեբանական վերլուծութեան տեսանկիւնէն՝ բնութագրելով նաեւ «ղեկավար» հասկացողութիւնը: Ան նշեց, որ պատմութեան մէջ եղած են դրական յատկանիշերով օժտուած ղեկավարներ, ինչպիսին են նախագահներ Լինքըն եւ Ռուզվելթ, ինչպէս նաեւ իրենց ձեռքին ուժ ունեցող, բայց բացասական յատկանիշերով օժտուած ու ամէն տեսակի ոճրագործութեան ընդունակ ղեկավարներ, ինչպէս՝ Թալէաթ, Հիթլեր, Ստալին, որոնք իրենց ձեռքին ունենալով մեծ ուժ՝ խիստ վտանգաւոր էին: Ինչպէս կ՛ըսէ փրոֆ. Ռ. Ճ. Ռումել, «Ուժը կը սպաննէ, իսկ բացարձակ ու անսահման ուժը՝ ամբողջութեամբ ու անսահմանօրէն»:
Յարգարժան դասախօսը ընդգծեց թշնամի ղեկավարները ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը՝ զանոնք դիմազերծելու եւ հոգեբանական վերլուծութեան ենթարկելու միջոցով: Ըստ դասախօսին՝ այս մէկն անհրաժեշտ է կատարել թէ անհատ ղեկավարներուն եւ թէ հաւաքական ղեկավարութեան հոգեբանական վերլուծութեամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ղեկավար ունի իր անհատականութիւնն ու առանձնայատկութիւնները, որոնք հաւաքական ղեկավարութեան պարագային՝ կրնան ստանալ նոր դիմագիծ ու նոր երանգ:
Դասախօսը ապա կանգ առաւ այն նախադրեալներուն վրայ, որոնց առկայութիւնը անհրաժեշտ է ջարդերու կազմակերպման համար: Պատմութեան մէջ կրկնուած ընդհանուր նախանշաններ են տնտեսական ճգնաժամ ու անկումային վիճակներ, Փանթուրանիզմի կամ նացիականութեան նման նոր գաղափարախօսութեան մը առկայութիւն՝ արդարացնելու համար գործադրուելիք ոճիրները, ինչպէս նաեւ կազմակերպող, ծրագրող եւ ամբոխավար կեդրոնական ղեկավարութեան առկայութիւն, վերադաս ղեկավարութեան որոշումները գործադրող ստորադաս գործադիր ղեկավարներ, առնուած որոշումներու գործադրութիւնը վերահսկող եւ հետապնդող մարմին: Այլ խօսքով՝ ցեղասպանութիւնը ունի երեք նախադրեալներ. ճգնաժամ, ղեկավարութիւն եւ գաղափարախօսութիւն:
Թալէաթ ու իրեն նման ստորադասական բարդոյթով տառապող, լուսանցքային եւ անտեսուած մարդիկ, որոնցմէ շատերը անգամ չունէին որոշակի ազգային ծագում, ցանկալով փաստել իրենց թրքական ինքնութիւնը՝ հրապարակ ելան որպէս «գերթուրք»եր, օգտագործելով ջարդերու համար անհրաժեշտ վերոյիշեալ նախադրեալներու առկայութիւնը, համոզելով թուրքերը, թէ իրենց ազգային փրկութիւնը կը կայանայ հայերու բնաջնջումին մէջ:
Դասախօսութիւնը ընթացաւ անգլերէն լեզուով եւ սահիկներու օգտագործումով: Օրուան հանդիսավարուհի Սալբի Պոստանեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին՝ դոկտ. Հրայր Տէօքմէճեանին յանձնեց յուշանուէր մը, ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքոյ:
Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի «Պահպանի»չով:
Խորին շնորհակալութիւններ դոկտ. Հրայր Տէօքմէճեանին, անոր հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութեան համար: Վարձքը կատար Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի ձեռներէց անդամներուն:

(Թղթակցութիւնը՝
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցիէն)

http://asbarez.com/arm/166699/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ