Տիյարպաքըրի մէջ հայապատկան 17 կալուածներ վերադարձուեցան մեր համայնքին

ՄԱՐՄԱՐԱԵրէկուան «Հապէր Թիւրք» թերթը յատուկ լրատուութիւն մը կ՚ընէր Տիյարպաքըրի մէջ հայապատկան 17 կալուածներու մեր համայնքին վերադարձուած ըլլալու մասին։ Կը գրէր, որ 2009 թուականին, երբ Տիյարպաքըրի Սուր գիւղաքաղաքին մէջ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսան, այդ աշխատանքի ընթացքին եկեղեցիէն գտնուեցաւ հայատառ տոմար մը, որուն մէջ արձանագրուած էր, որ Տիյարպաքըրի 20 թաղամասերու մէջ հայեր 1915-էն առաջ ունէին 190 ազգապատկան կալուածներ. այդ կարգին հողամասեր, տուներ, աղօթարաններ եւլն։ Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կալուածներուն վերադարձուիլը ապահովելու համար 2009-ին դիմում կատարած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Հետեւողական հետապնդումներու որպէս արդիւնք` ի յայտ եկաւ, որ հայեր քաղաքի Շէհիթլիք Քէօշքլէր թաղամասին մէջ 15 հազար քառակուսի մեթր տարածքի վրայ 17 կալուածներ ունին։ Միայն թէ ներկայիս այդ կալուածներուն վրայ փախստական կառոյցներ եւ պետական կարգ մը շէնքեր բարձրացած են, ինչ որ նեղացուցիչ նկատուեցաւ։

Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Վարդգէս Էրկիւն Այըք իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ վերադարձուած են 17 կալուածները, ըսաւ, որ շատ ուրախ է ատոր համար, ջանք պիտի վատնէ, որ միւս կալուածներն ալ վերադարձուին, իսկ եթէ դժուարութիւններ յարուցուին, դատական ճամբով իրաւունք պիտի պահանջուի։ Աւելցուց, որ չեն գիտեր, թէ ինչպէս պիտի յաջողին ձեռք բերել այդ 190 կալուածները, ուստի պատասխանատուներէն օժանդակութիւն կ՚ակնկալեն այս մասին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ