Մուշի բնակիչները տակաւին կը փնտռեն հայերուն ոսկիները

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Թրքական «Թաքուիմ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ մինչ Թուրքիոյ կառավարութեան բնակելի շէնքերու հարցերով զբաղող վարչութիւնը (TOKI) կը գործադրէ Մուշ քաղաքի կեդրոնական Քալէ թաղամասի քաղաքաշինութեան նախագիծը, որոշ բնակիչներ հայերուն պահած ոսկիները գտնելու յոյսով սկսած են քանդելու եւ փորելու իրենց տունն ու հողը: Այս մասին գրած է Ermenihaber.am-ը:
Մօտաւորապէս 2000 բնակիչ ունեցող այդ թաղամասին մէջ կայ շուրջ 300 կիսաքանդ տուն: Պատկան մարմինները թէեւ նախազգուշացուցած են բնակիչները, որ շինարարական միջամտութիւն պիտի կատարուի, բայց որոշ տանտէրեր առանց համբերելու, իրենք իրենց կարելիութիւններով սկսած են քանդելու տուները, փորելու տակի հողը՝ պահք տրուած ոսկիներ գտնելու յոյսով: Մինչեւ 1915 թուական հայկական հոծ բնակչութեամբ յագեցած Քալէ թաղամասի ներկայի բնակիչները կ՛ապրին օր մը հայերէն մնացած ոսկիները գտնելու երազով:
Մուշի քաղաքապետ Նեճմեթթին Տետեն հաստատած է այդ տեղեկութիւնը՝ աւելցնելով, որ ցարդ ոչինչ գտնուած է։

http://asbarez.com/arm/166482/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ