Թուրքերը հայկական գերեզմանոցին վրայ կը փորձեն ճաշարան կառուցել

Մալքարայի հայկական գերեզմանոցին վրայ ճաշարանՄալքարացի թուրք գրող Ումիթ Պայազօղլուն լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ Մալքարայի հայկական գերեզմանոցին վրայ ճաշարան կը կառուցուի: Ճաշարանի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին նոյնիսկ այն պարագային, երբ բոլորին պարզ դարձած է, որ այդտեղ հայկական գերեզման եղած է: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով Ermenihaber.am-ին:

Նշենք, որ Թուրքիոյ Թեքիրտաղ նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Մալքարա քաղաքին մէջ 1915 թուականի սկիզբները աւելի քան 3500 հայ բնակչութիւն կ’ապրէր:

Քաղաքապետարանի` քաղաքաշինական ծրագիրներու ծիրէն ներս ներկայացուած յայտի մը համաձայն, կը նախատեսուի այդտեղ գտնուող փոքրիկ աղիւսէ շինութիւնը վերածել ճաշարանի: Հիմքերը փորելու աշխատանքները սկսելուն պէս այդտեղ ի յայտ եկած են մարդկային ոսկորներ:

Վարչապետ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան տարածքային կազմակերպութեան ղեկավար Տեմիր Ալի Փալան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ նոյնիսկ իր հայրը չի գիտեր` այդտեղ գերեզման եղած է, թէ` ոչ, ըսած է, որ տեղեկութիւն չունի, թէ ուր հաւաքուած են ոսկորները: Փալան նշելով, որ այդ տեղը զբօսանքի վայր է, եւ որոշ մարդիկ այստեղ ոգելից խմիչք եւ նոյնիսկ թմրանիւթ կ’օգտագործեն, ըսած է, որ անհրաժեշտ է մաքրել տեղանքը:

Գերեզմանատունէն քիչ մը հեռու կը գտնուի կարծես վերականգնման սպասող Սուրբ Թորոս եկեղեցին: Ոչ ոք չի կրնար երաշխաւորել, որ եկեղեցին ալ յառաջիկայ տարիներուն ուրիշ յայտի մը զոհը չ’դառնայ: Սակայն եկեղեցւոյ պարագային յոյս կը ներշնչէ այն հանգամանքը, որ եկեղեցին արձանագրուած է յուշարձաններու խորհուրդին կողմէ:

http://www.yerakouyn.com/?p=33678

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2013
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ