ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պոլսոյ հայկական համայնքի շուրջ 150 անդամներ այցելած են Մալաթիոյ Վանք (Վենք) գիւղի հայկական նոյնանուն եկեղեցի: Այս մասին գրած է թրքական Haberler.com-ը: Պոլսահայերուն Մալաթիա այցելութիւնը կազմակերպուած է «Մալաթիոյ հայրենասէրներու հայկական ընկերութեան» ղեկավար Հոսրոֆ Քէօլետաւիթօղլուի կողմէ: «Մեծ գոհունակութիւն ստացանք: Մենք կը սիրենք զիրար, իրարու բարեկամն ենք: Մենք՝ մալաթիացիներս, ցոյց կու տանք, թէ ինչպէս կրնանք տէր կանգնիլ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն արժէքներուն», յայտնած է ան՝ իր գոհունակութիւնը յայտնելով եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող վերանորոգման աշխատանքներուն գծով: Ան ընդգծած է, թէ եկեղեցին մեծ արժէք ունի Մալաթիոյ հայերուն համար՝ պատմելով, թէ որքան կրօնական արարողութիւններ, մկրտութիւններ կը կատարուին այնտեղ: Պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչները վերանորոգման մէջ եղող եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ եւ մոմ վառելէ ետք հեռացած են:
Պոլսահայերը այցելած են Մալաթիոյ հայկական Վանք եկեղեցի
•
Leave a Reply