Տերսիմի կոտորածներն ու Աթաթիւրքը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթի աշխատակից Էզկի Պաշարան հարցազրոյց մը կատարած է յայտնի քաղաքագէտ Հիւսամետտին Ճինտօրուքի հետ, որ փաստաբանը եղած է նախկին վարչապետ Ճելալ Պայարի։ Տրուած ըլլալով, որ Տերսիմի ջարդը կատարուած էր Պայարի վարչապետութեան օրով, յօդուածագիրը Ճինտօրուքին հարցուցած է, թէ Պայար ի՞նչ պատմած է այդ մասին։

Ճինտօրուքի պատասխանը բաւական կարծր ու ցնցիչ եղած է։ Ըստ Պայարի պատմածին, այդ թուականին Տերսիմը կը մերժէր ճանչնալ Թուրքիոյ տիրապետութիւնը եւ ինքզինք Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս կը նկատէր, տուրք չէր վճարեր, ոստիկան զօրաց ուժերը ներս չէր ընդուներ։ «Բազմաթիւ օրէնքներ քուէարկուեցան, բայց անոնք ալ օգուտ չունեցան։ Այն ատեն Աթաթիւրք «զարկէ՛ք» ըսաւ, ու մենք ալ զարկինք», ըսած է Պայար։

Ճինտօրուք այն կարծիքը կը յայտնէ, թէ ճիշդ չեն խօսիր այն մարդիկը, որոնք այսօր կը պնդեն, թէ Աթաթիւրք լուր չունէր Տերսիմի գործողութենէն, եւ կ՛աւելցնէ, թէ առանց Աթաթիւրքի գիտակցութեան ո՛չ այսպիսի գործողութիւն մը կը կատարուէր, ո՛չ ալ Աթաթիւրքի հոգեզաւակը՝ Սապիհա Կէօքչեն, կրնար մասնակցիլ այսպիսի գործողութեան մը։

Ըստ Ճինտօրուքի, վարչապետին ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, այլ պայման է, որ քննիչ յանձնախումբ մը կազմուի խորհրդարանէն ներս։ Այն ատեն երեւան կը հանուին գործուած սխալները ու հատուցում կը վճարուի այս ջարդէն վնասուածներուն։

Սակայն Ճինտօրուք եւս մտահոգ է, որ անկէ ետք ուրիշ հարցեր կրնան երեւան գալ, եւ անոնցմէ գլխաւորն է Հայկական Հարցը։

«Եթէ Տէրսիմի համար ներողութիւն խնդրես, հայկական Սփիւռքը պիտի չհարցնէ՞, թէ իր խնդիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Եւ եթէ ատոր համար ալ ներողութիւն խնդրուի, ամերիկեան ապահովագրութեան ընկերութիւնները անտանելի գումարներ պիտի պահանջեն Թուրքիայէն», կ՛ըսէ ան:

Միւս կողմէ, «Սթար» թերթին մէջ Ճաֆեր Սոլկուն կը քննադատէ Տերսիմի խնդիրին մէջ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան որդեգրած մերժողական կեցուածքը։ Ան կ՛ըսէ, թէ Տերսիմը առիթ մըն էր վերանորոգուելու, սակայն Քըլըճտարօղլու փախցուց այդ առիթը։ Սոլկուն նաեւ նկատել կու տայ, որ կուսակցութիւնը կ՛ուզէր Տերսիմի հարցը յանձնել պատմաբաններուն։

«Այս նախադասութիւնը յաճախ լսած էինք 1915ի հայկական տեղահանութեան խնդիրի կապակցութեամբ եւս։ Այնպէս կը թուի, որ այն շրջանակները, որոնք մեր մօտիկ անցեալի կեղտոտ էջերուն հետ դէմ յանդիման գալէ կը խուսափին, ամէն անգամ, երբ դէմ յանդիման գան իրենց համար անախորժ նիւթի մը հետ, պիտի թաքնուին հարցը պատմաբաններու փոխանցելու առաջարկի մը ետին», կը գրէ ան։

Ան նաեւ դիտել կու տայ, որ փաստաթուղթեր կան այդ մասին, թէ Աթաթիւրք տեղեակ էր Տերսիմի գործողութենէն։

http://asbarez.com/arm/116250/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ