Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, իր կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի ժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ կոչ ըրած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ ետ քաշէ Տերսիմի կոտորածներուն կապակցութեամբ պետութեան անունով իր խնդրած ներողութիւնը՝ պնդելով, որ Տերսիմի մէջ տեղի ունեցածները ապստամբութիւն մը զսպելու նպատակով առնուած հարկաւոր քայլեր էին: Այս մասին կը յայտնէ «Ճիհան»ը։
Պահչելի նաեւ պնդած է, թէ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ամօթալի էջեր չկան եւ աւելցուցած, թէ Տերսիմի ապստամբութեան կազմակերպողները պէտք է համեմատել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներուն հետ:
30.11.11
Tert.am
Leave a Reply