Եւրոգօտիի ճգնաժամը կը թակէ Թուրքիոյ դուռը: Այս մասին Hurriyet Daily News–ին տուած հարցազրոյցին ըսած է հայ ճանչցուած տնտեսագէտ, Մասաչուսէթսի համալսարանի գիտարուեստի ուսումնարանի փրոֆէսըր Տարօն Աճեմօղլու:
«Եւրոգօտիի ճգնաժամը ժամացոյցի գործելաձեւով ռումբի պէս գործի դրուած է Թուրքիոյ դարպասներուն մօտ: Թուրքիայի տնտեսութիւնը կապուած է Եւրոպայի տնտեսութեան հետ, այդ պատճառով անիկա բաց է բոլոր բացասական ազդեցութիւններուն համար»,– ըսած է Տարօն Աճեմօղլու:
Չբացառելով տնտեսական նոր ճգնաժամի հաւանականութիւնը` Աճեմօղլու ըսած է. «Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հաւանականութիւնը 50% է: Իսկ Եւրոպայի մէջ տնտեսական լճացման պարագային՝ Թուրքիոյ մէջ կրնայ ստեղծուիլ այն նոյն իրավիճակը, որ 2009ի ճգնաժամի ժամանակ էր»:
Հայ տնտեսագէտը խօսած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ իրեն յղուած` Փարիզի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան մէջ (OECD) Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ նշանակուելու առաջարկին մասին:
Տարօն Աճեմօղլու նշած է, որ ինքը այդ առաջարկը չէ մերժած, ուղղակի կը նախընտրէ զբաղիլ իր ներկայ աշխատանքով:
«Ես այդ առաջարկը չեմ մերժած: Սակայն կը նախընտրեմ գրել իմ գիրքերս ու շարունակել ակադեմական գործունէութիւնս: Այդ առաջարկին մասին հաւանաբար կը մտածեմ ապագային»,– ըսած է Աճեմօղլու:
Տարօն Աճեմօղլուն ծնած է 1967ին Պոլիս: 1986ին աւարտած է Գալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք` Մեծ Բրիտանիոյ Եորքի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը, իսկ գիտական աստիճան ստացած է Լոնտոնի տնտեսագիտական համալսարանէն, ուր եւ դասաւանդած է 1992-1993: 1993էն ի վեր կը դասաւանդէ Մասաչուսէթսի համալսարանի գիտարուեստի ուսումնարանէն ներս:
IDEAS/RePec տնտեսական հետազօտութիւններու կեդրոնի կազմած աշխարհի մէջ ամենաշատ վկայակոչուող 20 տնտեսագէտներու վարկանշային աղիւսակին մէջ՝ Տարօն Աճեմօղլու կը գտնուի 8րդ հորիզոնականին, այն պարագային, երբ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր փրոֆէսըր Փոլ Գրուկման այդ աղիւսակին մէջ կը զբաղեցնէ 13րդ հորիզոնականը:
Վերջերս Bloomberg հեռուստաալիքը յատուկ տեսանիւթ պատրաստած էր հայ տնտեսագէտին մասին, որուն ժամանակ նշուած է, որ Տարօն Աճեմօղլու հնարաւոր է` մօտ ապագային ստանայ Նոպելեան մրցանակ:
Նաեւ, Տարօն Աճեմօղլու վերջերս յայտնուած էր ամերիկեան հեղինակաւոր Foreign Policy պարբերականի կողմէ հրապարակուած «Համաշխարհային 100 մտաւորականներ» (The Top 100 Global Thinkers) ցանկին մէջ:
28.11.11
Tert.am
Leave a Reply