Տէրսիմի կոտորածներուն համար Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներողութիւնը անտրամաբանական է: Այս մասին կը գրէ գերմանական Mrkische Oderzeitung պարբերականը:
“Էրտողանի յայտարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, անտրամաբանական է, քանի որ թրքական բանակը մեր օրերուն, ճիշդ Տէրսիմի իրադարձութիւններուն նման, կը շարունակէ գործողութիւններ իրականացնել ինքնավարութիւն պահանջող քիւրտերու դէմ”,– կը գրէ թերթը` աւելցնելով. “Եթէ թուրք վարչապետ մը ներողութիւն կը խնդրէ, անիմաստ տեղը ականջ կը ծակէ: Նման իրավիճակի մէջ միտքդ կու գայ մօտ մէկ դար առաջ հարիւր հազարաւոր հայերու սպանդը”:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Թուքրիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է՝ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1930ականներուն Տէրսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ իրականացուած կոտորածին համար:
“Եթէ հարկ է Տէրսիմի կոտորածներուն համար պետութեան անունով ներողութիւն խնդրել, ես ներողութիւն կը խնդրեմ”,– յայտարարած էր Էրտողան:
25.11.2011
Tert.am
Leave a Reply