Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է նախկին իշխանութիւններու կողմէն 1937-1938ին Տերսիմի մէջ՝ գլխաւորաբար քիւրտերու դէմ իրականացուած կոտորածի համար: Այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները։
«Եթէ հարկ է Տերսիմի կոտորածի համար պետութեան անունով ներողութիւն խնդրել, ես ներողութիւն կը խնդրեմ»,– «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան նիստին յայտարարած է Էրտողան` ցոյց տալով այդ կոտորածներու մասին վկայող փաստաթուղթեր:
«Ձեռքիս փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1936, 1937, 1938 եւ 1939-ին Տերսիմի մէջ իրականացուած կոտորածներուն զոհ գացած է 13.806 մարդ»,– ըսած է Էրտողան:
Անդրադառնալով Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի` իր եւ հայկական սփիւռքի միջեւ անցուցած զուգահեռականներուն` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է. «Դուն զիս նոյն հարթութեան վրայ կը դնես հայկական սփիւռքի հետ: Կը ցաւիմ քեզի համար: Սակայն ես` Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանս, կը զգուշացնեմ քեզ` չափդ ճանչցնիս»:
Նշենք, որ Տերսիմի կոտորածներու թեման պարբերաբար կը յայտնուի Թուրքիոյ ներքաղաքական քննարկումներու օրակարգին:
Այդպիսի քննարկումներէն մէկուն ժամանակ ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն յայտարարած էր, թէ Էրտողան կը շահարկէ Տերսիմի դէպքերը եւ նման ձեւով կը ցանկանայ հաշուեյարդար տեսնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմանդիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ձգած ժառանգութեան հետ:
«Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը շահարկէ Տերսիմի դէպքերը: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ան նոյն կերպ կը մտածէ, ինչպէս հայկական սփիւռքը: Շատ հնարաւոր է, որ մօտ ապագային Էրտողան այս ազգին պարտադրէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները»,– ըսած էր Քըլըչտարօղլուն:
23.11.2011
Tert.am
Leave a Reply