Թրքական պատմական ընկերութեան նախկին նախագահ, “Ազգայնական շարժում” կուսակցութենէն պատգամաւոր Եուսուֆ Հալաչօղլու կոշտ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ այն պատճառով, որ վերջինս պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է Տէրսիմի կոտորածներուն համար:
“Ան կրնար ներողութիւն խնդրել, եթէ ատիկա անոր մեծ հայրը ըրած ըլլար: Սակայն կառավարութեան անունով նման բան չեն յայտարարեր”,– ըսած է Հալաչօղլու` նշելով, որ պետութեան անունով ներողութիւն խնդրելու համար նախ անհրաժեշտ է խորհրդարանին դիմել:
“Այդ ինչպէս կը պատահի, որ “Եկէք Հայկական հարցը ձգենք պատմաբաններուն” յայտարարող վարչապետը կը ներկայացնէ Տէրսիմի դէպքերու մասին փաստաթուղթ մը եւ ներողութիւն կը խնդրէ”,– նշած է Եուսուֆ Հալաչօղլու:
Յիշեցնենք, որ երէկ Թուքրիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1930ական թուականներուն Տէրսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ իրականացուած կոտորածին համար:
“Եթէ հարկ է Տէրսիմի կոտորածներուն համար պետութեան անունով ներողութիւն խնդրել, ես ներողութիւն կը խնդրեմ”,– յայտարարած էր Էրտողան:
24.11.11
Tert.am
Leave a Reply