Ըստ Կիւլի՝ հայ-թրքական փրոթոքոլները «մեռած չեն»

ԼՈՆՏՈՆ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Լոնտոնի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սառեցուած յարաբերութիւնները կարելի չէ պարզապէս «փչելով հալեցնել»։

«Դժուար հարցերը մէկ քայլով չեն լուծուիր։ Իրավիճակը այնքա՛ն սառած է, որ փչելով չես կրնար հալեցնել։ Շարք մը նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութիւն կայ։ Պահ մը ժամանակը նպաստաւոր էր, սակայն այն կարծիքը ունիմ, որ կարելի չեղաւ ամէն բանի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել։ Տարածաշրջանին մէջ բոլորը այդ հոլովոյթին մէջ իրենց շահը կը հետապնդէին։ Յառաջ եկան դժուարութիւններ, սակայն կարելի չէ ըսել, որ ամէն ինչ մեռած է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։

Անդրադառնալով «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետապնդման՝ պաշտօնական այցելութեամբ Բրիտանիա գտնուող Կիւլ ըսած է, որ ինք պետական վերահսկիչ խորհուրդին հրահանգած է Տինքի սպանութեան լիարժէք բացայայտման համար կարելին ընել։

«Ես համապատասխան հրահանգ տուած եմ եւ չեմ միջամտեր այդ հոլովոյթին։ Երբ գործը աւարատի, զիս իրազեկ կը դարձնեն։ Այդ գործի առնչութեամբ սեղանիս վրայ առայժմ որեւէ թղթածրար դրուած չէ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։

http://asbarez.com/arm/115920/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ