ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնէական ժողովրդավար կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի խօսնակ Վոլքեր Քաուտեր, կուսակցութեան խմբակի նիստին ընթացքին խստօրէն քննադատած է Թուրքիան եւ յատկապէս անոր վարչապետը։ Ան ըսած է, որ եթէ իսլամները Գերմանիոյ մէջ մզկիթ կրնան կառուցանել, ապա Թուրքիոյ քրիստոնեաները եւս պէտք կարենան եկեղեցի կառուցանելու իրաւունք ունենալ։
Քաուտեր քննադատած է նաեւ այն ճառախօսութիւնը, զոր վարչապետ Էրտողան Գերմանիոյ մէջ ըրած էր՝ խօսքը ուղղելով թուրք գաղթականներուն։
Իր ելոյթին մէջ վարչապետը ըսած էր, որ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրք երեխաներուն պէտք է թրքերէն սորվելու առիթներ ընծայուին: Իսկ Քաուտեր ըսած է. «Անոնք, որոնք Թուրքիոյ մէջ յոռի վերաբերում ցոյց կու տան քրիստոնեաներու նկատմամբ, իրաւունք չունին Գերմանիոյ մէջ այսպիսի խօսքեր ընելու։ Թուրքիա նախ իր հարցերը թող լուծէ»։
Գերմանիոյ իշխող կուսակցութիւնը միշտ դէմ եղած է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին՝ անոր փոխարէն առաջարկելով, որ Թուրքիոյ տրուի մենաշնորհեալ գործընկերի իրաւունք մը, բան մը, որ Թուրքիոյ կողմէ ընդունելի չէ։
Leave a Reply