ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պետ Սելահատտին Տեմիրթաշ, որուն ճառախօսութիւնները սովորաբար քրտական հարցին մասին պայթուցիկ պնդումներով ու կառավարութեան դէմ ծանր քննադատութիւններով լեցուն կ՛ըլլան, Կիրակի, Նոյեմբեր 20ին, Պոլսոյ մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին նաեւ ակնարկած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, Տեմիրթաշ ըսած է. «Թուրքիա պարտաւոր է հետազօտել պատմութեան մէջ տեղի ունեցած կոտորածները: Պէտք է հետազօտուին 1915ի հայկական կոտորածները, Տերսիմի, Մարաշի, Չորումի՝ ալաուիներու, քիւրտերու կոտորածները: Այդ մէկը անհրաժեշտ է ներհասարակական հաշտութիւն ապահովելու համար: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն այսօր տարբեր չէ այդ կոտորածները իրագործողներէն: Քրտական հարցը երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղութեամբ լուծելու փոխարէն, թրքական կառավարութիւնը զէնք կ՛օգտագործէ իր քաղաքացիներուն դէմ»:
Տեմիրթաշ աւելցուցած է. «Կ՛ուզեն, որ ալաուիները, քիւրտերը, ուսանողներն ու բանուորները ձայն չհանեն. կ՛ուզեն բոլորը բանտ նետել եւ իրենց ուզածին պէս սահմանադրութիւն մը պատրաստել։ Ձերբակալուած մեր ընկերները ուրիշ բան չեն ըրած, եթէ ոչ ժողովրդավար ու ազատ քաղաքականութիւն կիրարկել։ Մենք ալ նոյնը կ՛ընենք ու եթէ ասիկա յանցանք է, ապա մենք մեզ կը մատնենք ահաւասիկ։ Մեր մասին եղած ամբաստանութիւնն այն է, որ իբրեւ թէ մենք ժողովուրդը ապստամբութեան կը հրաւիրենք եղեր։ Մենք պարզապէս բանավէճի նիւթ կը դարձնենք հարցերը ու կը խօսինք ժողովրդավար սկզբունքներու համաձայն։ Վիճաբանութեան նիւթ կրնանք դարձնել նոյնիսկ Օչալանին գաղափարները։
«Մենք կ՛ուզենք, որ զէնքերը լռեն եւ փոխադարձաբար հրադադար մը գործադրուի։ Ասոր համար ալ երկխօսութիւնը խիստ կարեւոր է», եզրակացուցած է Տեմիրթաշ։
Հանրահաւաքին մասնակցած են կուսակցութենէն երեսփոխաններ եւ բազմաթիւ համակիրներ, որոնցմէ շատերը բեմ բարձրացան ու Օչալանին նկարը պարզեցին:
Leave a Reply