Այշէ Կիւնայսու Հայ Դատի խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ լրագրող եւ մարդկային իրաւանց գործիչ Այշէ Կիւնայսու իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայ Դատի Ղեկավարներու զարգացման անդրանիկ խորհրդաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք այն քննարկումին, որ նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքներուն:

Հայ Դատի խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25էն մինչեւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27 երկարող Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ:

Այշէ Կիւնայսու, որ հիմնադիրներէն մէկն է Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց միութեան Ցեղամոլութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնախումբին, պիտի խօսի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց գործունէութեան եւ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջողներուն դիմագրաւած դժուարութեանց մասին:

2005էն 2007ի միջեւ, ան աշխատակցած է քրտամէտ թերթի մը, իսկ 2008էն ի վեր երկշաբաթական յօդուածներ կը գրէ «Արմինիըն Ուիքլի»ին համար, «Նամակներ Պոլիսէն» ընդհանուր խորագիրին տակ:

Նոյն աշխատանիստին, «Արմինիըն Ուիքլի» թերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան պիտի խօսի Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն գրաւուած եկեղեցիներուն ու եկեղեցական կալուածներու վերադարձին համար տարուող աշխատանքին մասին:

Համակարգիչի օժանդակութեամբ ներկայացուելիք իր նիւթով, Մուրատեան պիտի շեշտէ, թէ հայութենէն բռնագրաւուած հարստութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Թուրքիոյ ազգային տնտեսութիւնը մէջտեղ բերելու գործընթացին մէջ՝ մանրամասնօրէն ներկայացնելով բռնագրաւուած կալուածներուն շարքը եւ այդ բռնագրաւումը «օրինականացուցած» թրքական քայլերը:

Հայ Դատի խորհրդաժողովին զուգահեռ, տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի տարեկան ճաշկերոյթը: Ճաշկերոյթի տոմսին սակը 200 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 150 տոլար: Եռօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցութեան սակը, շնորհիւ անանուն նուիրատուի մը կատարած նիւթական նուէրին՝ միայն 49 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 39 տոլար, ներառեալ ընկերային շարք մը հաւաքներու մասնակցութիւն:

Խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/ancgrassroots կայքէջը:

http://asbarez.com/arm/115516/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ