Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18ին, Անգարա այցելող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անգամ մը եւս օրակարգի նիւթ դարձուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու յանձնաժողով մը կազմելու առաջարկը՝ միաժամանակ քննադատելով որեւէ օրէնք, որ կրնայ դէմ դնել Թուրքիոյ «ինքնապաշտպանութեան» իրաւունքին՝ ակնարկելով Ֆրանսայի մէջ քննուող այն օրինագիծը, որ քրէական հետապնդումի պիտի ենթարկէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Ֆրանսայի արտաքին գոծոց նախարարը նոյնիսկ առաջարկած է նման յանձնաժողովի մը աշխատանքները հիւրընկալել՝ նշելով, որ «1915 թուականի իրադարձութիւնները շատ զգայուն հարցեր են թէ՛ հայերուն եւ թէ թուրքերուն համար»:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակցութեան քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով, հակադարձելով Տաւութօղլուի նորագոյն կոչին՝ ըսաւ. «Հայաստանը երբե՛ք Ցեղասպանութեան հարցը քն-նարկման առարկայ չի դարձնի: «Հարեւանների հետ զրօ խնդիրների» քաղաքականութեան ձգտող քաղաքական գործիչին եւս մէկ անգամ կը զգուշացնեմ, որ պէտք չէ յաւելեալ խնդիրներ ստեղծել Թուրքիայի համար»:
Պատգամաւորը նշեց, թէ Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է՝ ընդունուած «ողջ յառաջադէմ հանրութեան» կողմէ: Ըստ անոր, Ցեղասպանութեան հարցը այլեւս ոչ թէ պատմական, այլ քաղաքական խնդիր է, ու այդ պատճառով ալ, անոր պէտք է տրուի քաղաքական լուծում, որն է՝ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
«Առանց անցեալի ոճրագործութիւնների ճանաչման, առաջընթաց չի արձանագրուի: Եթէ Թուրքիան իսկապէս ցանկանում է դառնալ եւրոպական արժէքներ կրող պետութիւն, ապա նա ունի մէկ ճանապարհ՝ դատարկամիտ բաներ չխօսել, չփորձել խնդիրը տեղափոխել պատմական հարթութիւն, այլ անցնել գործնական քայլերի՝ ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժամանակին հրեաների նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան առնչութեամբ նոյն կերպ վարուեց Գերմանիան», յիշեցուց Շարմազանով:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին կոչ ըրած էր Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը:
Leave a Reply