Հրանդ Տինքի սպանութեան գծով հետախուզութիւն կրնայ սկսիլ բարձրաստիճան 30 պաշտօնատարներու դէմ

Հրանդ Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու գծով իրենց պարտականութիւնը չկատարած պաշտօնատարներուն հարցը հետապնդող դատախազը որոշած է պաշտօնապէս հետախուզութիւն բանալ 30 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, որոնց թերացումներուն զոհ գացած է Տինք: Այդ մասին Նոյեմբեր 17ին հաղորդեց թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Պաշտօնատարներուն շարքին են՝ Պոլսոյ նախկին կառավարիչ Մուամեր Կիւլեր, Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճելելէտտին Ճարահ, որոնք Տինքի ընտանիքին կողմէ կ’ամբաստանուին իրենց տարրական պարտականութիւնը չկատարելու յանցանքով, հակառակ այն յստակ տեղեկութեանց, թէ Տինքի կեանքը վտանգուած էր:

Ըստ «Անատոլու»ի՝ ոճիրը կազմակերպողներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ կասկածելի կապերուն կողքին, ապահովական մարմինները կ’ամբաստանուին նաեւ փաստեր անհետացնելու յանցանքով:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը անցեալ տարի վճռած էր, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Տինքի կեանքը պաշտպանելու համար իրենց տարրական պարտականութիւնը չէին կատարած, նաեւ բաւարար լրջութեամբ չեն մօտենար ոճիրի պատասխանատուները բացայայտելու գործին:

18.11.2011

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ