Նոյեմբեր 11-13 Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «Տիգրանակերտի եւ Շրջակայքի Ընկերային եւ Տնտեսական Պատմութիւնը» խորագրով գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկին եւ քաղաքապետարանին գործակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»ը։
Հրաւիրեալ մասնագէտները ուսումնասիրած են 1838-1938 ժամանակահատուածին՝ այդ շրջանին մէջ ապրած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ճակատագիրը:
Գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր անգամ մը եւս խօսած է յանդուգն եւ բովանդակալից ճառ մը: Ան յիշեցուցած է, թէ մինչ Տիգրանակերտ տնտեսական իր աշխուժութեամբ Օսմանեան կայսրութեան 3րդ կարեւորագոյն քաղաքն էր 20րդ դարու սկզբնաւորութեան, այսօր ինքզինք գտած է 66րդ դիրքի վրայ: Պայտէմիր ատոր պատճառը անմիջականօրէն շաղկապած է հայ եւ ասորի-քաղդէացի փոքրամասնութիւններու ոչնչացման: Իր կարծիքով՝ այս գիտաժողովը նոր առիթ մըն է սեփական պատմութեան հետ առերեսելու: Պայտէմիր յիշեցուցած է, թէ քաղաքին մէջ ինչպէս անցեալին, այժմ կրկին մինարէներէ բարձրացած աղօթքներն ու եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջները կը միաձուլուին, ըսած է, թէ իր քաղաքապետարանը ձեռնարկած է փոքրամասնութիւններէ գրաւուած ստացուածքներու վերադարձի ստանձնումին: Աւելցուցած է, թէ վերադարձի անկարելիութեան պարագային եթէ, օրինակ, խնդրոյ առարկայ ստացուածք մը այսօր կը պատկանի անհատի մը, տուեալ հողատարածքի հաւասար հող պիտի տրամադրուի անոր երբեմնի բուն տիրոջ՝ այլ վայրի մը մէջ:«Այս քաղաքը կը պատկանի նոյնքան հայերուն եւ ասորիներուն, որքան քիւրտերուն»,- ըսած է Պայտէմիր:
Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են նաեւ Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինք, Հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւի նախաձեռնող եւ այդ նիւթով գիրքի հեղինակ փրոֆէսըր Ճէնկիզ Աքթար, գրող եւ քաղաքական լրագրող Ալի Պայրամօղլու, լրագրող Պասքըն Օրան:
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Թուրքիայէն, Եւրոպայէն եւ ԱՄՆ-էն Ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան մասնագէտ պատմաբաններ՝ ինչպէս Դաւիթ Գոնթ, Յարութիւն Գէորգեան, Վահէ Թաշճեան, Հանս Լուքաս Քեզէր, Պարպարա Մերկերեան, Ժորժ Աղճայեան, Սեդա Ալթուղ, Ժանէթ Քլէին, Ելլէ Վերհէյ, Այհան Աքթար:
Նշենք, որ Հրանդ Տինք հիմնարկը նախապատրաստական ամէն միջոց ի գործ դրած է՝ գիտաժողովը իր կայքէջէն ուղղակի սփռելու համար, սակայն թրքական իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած: Այնուամենայնիւ, գիտաժողովէն տեսահոլովակներ կարելի է դիտել՝ այցելելով այստեղ։
17.11.11
Tert.am
Leave a Reply