Աշխատանքներու եւ կառոյցներու առաջադրելի տարողութիւններ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին ընդառաջ պետական յանձնախումբի կազմութենէն եւ յայտարարուած առաջադրանքներէն ետք սփիւռքի տարածքին տակաւ ձեւաւորման ընթացքի մէջ են տուեալ համայնքներու կազմակերպ կեանքը ներկայացնող բոլոր ուժերու եւ հոսանքներու ներկայացուցիչներու ներգրաւուածութեամբ կառոյցները` իրենց ենթաբաժիններով: Գործունէութեան դաշտի թէ՛ համապետական եւ թէ՛ միաժամանակ համագաղութային եւ համասփիւռքեան տարողութիւնները կը նախանշեն, որ գործին կը տրուի ռազմավարական նշանակութիւն: Ու թէեւ ժամկէտային իմաստով առաջադրանքներու իրականացումը կ՛երկարի մինչեւ 2015, այսուհանդերձ մինչեւ 100 ամեակ, բրգաձեւ տեսքով, ռազմավարական խորքով համակարգուած աշխատելաձեւի պարագային անիկա արդէն կրնայ վերածուիլ համայն հայութիւնը առաջնային խնդիրներու ուղղութեամբ համախմբելու եւ նպատակաուղղուած գործունէութիւն ծաւալելու նորարար մշակոյթի, որ կրնայ շարունակուիլ 100 ամեակէն անդին:

Պահ մը կեդրոնանանք, սակայն, 100 ամեակով ստեղծուող թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առաջնահերթութիւններուն վրայ՝ նախ հաստատելու համար, թէեւ ուշացած, այսուհանդերձ իբրեւ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն տակաւ ձեւաւորուող երկարաժամկէտ հեռանկարով համախումբ եւ կառուցակարգուած աշխատելաոճի որդեգրման կարեւորութիւնը: Ճիշդ է, որ իւրայատկութիւններու պահպանումը իւրաքանչիւր հատուածի համար խիստ կենսական է: Հաւաքական կեանքին մէջ եւս տարատեսակութիւնը, այլազանութիւնը, տարակարծութիւնները նոյնիսկ հարստացնող գործօններ են թէ՛ քաղաքական մտածողութեան կայացման եւ թէ՛, ինչու չէ, ազգային կեանքի զարգացման նպատակով մրցակցային իրավիճակները վառ պահելու ուղղութեամբ: Կան հիմնախնդիրներ սակայն, որոնց հետապնդումն ու իրականացման ուղիներու ճշդումը հաւաքական, համակարգեալ գործելու եղանակ կ՛ենթադրեն: Այս մէկը, ամէն բանէ առաջ, ներազգային մակարդակի վրայ ռազմավարական խորք ու նշանակութիւն ունի, մանաւանդ երբ կը խօսինք հիմնական ա՛յն առաջադրանքներուն իրականացման մասին, որոնք ազգի գոյութեան, շարունակականութեան, անվտանգութեան հետ կապուած են:

Այս հիմնախնդիրներուն առաջնայինը Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարն է, որ կը վերաբերի որքան ներազգային պատրաստուածութեան, այնքան արտաքին աշխարհին ներկայանալու քաղաքականութեան: Ճանաչումի հրամայականին առընթեր՝ ժխտողականութեան դէմ գրաւոր ու բանաւոր պայքարին համար նոր զինամթերք ապահովելը, քաղաքական իրադրութիւններու ճիշդ գնահատական կատարելն ու հայկական կողմին եւ երրորդ կողմին շահերուն համընկնեցումն ու ժամանակահատուածներու ճշդումը, նոր սերունդին համար մանկավարժական, հոգեբանական, ընկերաբանական մասնագիտութիւններու համադրումով ցեղասպանութեան հետ կապուած խնդիրները փոխանցելն ու միջազգային ընտանիքին ճշդած օրինաչափութիւններուն համապատասխան շարժիլը եւ մանաւանդ ճանաչումէն անդրանցումն ու հատուցման նպատակով իրաւական թղթածրարի պատրաստութիւնը խնդիրներ են, որոնք հատուածայնութենէ հեռու համահայկական մարդուժի համախմբումին կը կարօտին ամէնէն ընդգծուած կերպով:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնները այս ուղղութեամբ առաջադրուած աշխատելաոճի ձեւաւորման նախադրեալները կը նախանշեն: Յատկապէս մասնագիտական մարդուժի ըստ ոլորտի համախմբումը, համահայկական օրակարգերու ձեւաւորումը, տակաւ նկատառելիօրէն բազմացող սփիւռքեան ընդառաջումները աշխատանքային նորարար մշակոյթի մը հաստատման ուղղուած են:

Մինչ այդ, սակայն, պարզուող հեռանկարին ընդառաջ սփիւռքեան գաղութները նոր կառոյցներու եւ աշխատանքի նոր ոճերու յառաջացումով-որդեգրումով կրնան դէպի մեծ առաջադրանքները բացուող ուղիները հարթել: 100 ամեակը հիմնախնդիրներուն առաջինն է, որուն նկատմամբ համապետական եւ համասփիւռքեան կեդրոնացումը կրնայ մագնիսացնել ամբողջ հայկական աշխարհը: Այս արդէն հիմնական հարուածը կ՛ըլլայ հայկական դաշտին մէջ ճեղքեր տեսնել ուզող ժխտող կողմին:

Դէպի 100 ամեակ թիրախաւորուած աշխատանքներ` նորարար բովանդակութեամբ, նորովի պատրաստուածութեամբ, նորացուած ոճերով ի հարկին նոր կառոյցներով: Համապետական եւ համասփիւռքեան տարողութիւններով:

http://www.aztagdaily.com/?p=38720

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ