ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ձայնը միացուցած է մարդկային իրաւանց պաշտպան զանազան կազմակերպութեանց՝ պահանջելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, որ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն անմիջապէս ազատ արձակելու նպատակով ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ:
Այս նպատակով կարելի է նամակ մը յղել Քլինթընին՝ այցելելով Հայ Դատի www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=56472501 համացանցային կայքը: Նամակին մէջ կը նշուի, թէ այս հարցով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու որդեգրած «ամօթալի» լռութիւնը եւ կրաւորական կեցուածքը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնան ունենալ՝ յիշեցնելով Հրանդ Տինքի պարագան:
http://asbarez.com/arm/115084/
Leave a Reply