Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը կը նշէ օսմանցի սուլթանի մը յիշատակը

Նոր Օսմանականութեան սկի՞զբը

Թրքական եռալեզու (թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն) «Ալ ախպար ալ սալամ» կայքը կը հաղորդէ, թէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի կազմակերպէ ծանօթացման խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին ան պիտի նշէ օսմանցի սուլթաններէն Ապտիւլ Մեժիտ Ա-ի մահուան 150-ամեակը։

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչէքի հրահանգով, խորհրդարանը պիտի կազմակերպէ խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին, Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ։ Խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացուի սուլթան Ապտիւլ Մեժիտ Ա-ն։

Հարկ է նշել, որ այս Խորհրդաժողովին առիթով պատրաստուած հրաւէրները կը կրեն օսմանեան զինանշանը, որ յատուկ էր սուլթան Ապտիւլ Մեժիտ Ա-ին։ Այս երեւոյթները մինչեւ վերջերս լօզունքներ կը համարուէին Թուրքիոյ աշխարհիկ պետութեան դէմ։ Հրաւէրները ուղղուած են Թուրքիոյ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն։

Յայտնենք, որ սուլթան Ապտիւլ Մեժիտ Ա ծնած է 1823-ին։ Իր հօր մահէն ետք՝ ան 17 տարեկանին ստանձնած է իշխանութիւնը։ Մահացած է 1861-ին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ