Հայ վարպետի պատրաստած տարազով Թուրքիոյ նախագահը պիտի այցելէ Էլիզապէթ Երկրորդին

Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ իր տիկնոջ` Հայրունիսա Կիւլի հետ միասին Մեծ Պրիտանիոյ թագուհի Էլիզապէթ Երկրորդի հրաւէրով Նոյեմբեր 22-24 պիտի այցելէ Լոնտոն:

Ըստ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին՝ Ապտուլլահ Կիւլին պիտի ուղեկցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան:

Թրքական պարբերականը կը գրէ, որ Ապտուլլահ Կիւլ՝ լոնտոնեան այցին առիթով՝ պոլսահայ դերձակի մը մօտ յատուկ տարազ պատուիրած է:

Կիւլ, ամենայն հաւանականութեամբ, միակ մարդը չէ, որ ոտք պիտի դնէ Պուքինկհէմեան պալատ՝ հայ վարպետի կողմէ պատրաստուած իրով: Յայտնի է, որ Թուրքիոյ առաջին տիկինը` Հայրունիսա Կիւլ, նոյնպէս անտարբեր չէ հայ վարպետներու գործերուն նկատմամբ:

Անցեալ տարի Սթրազպուրկ կատարածի այցին ժամանակ, որուն ընթացքին Թուրքիոյ առաջին տիկինը ելոյթով հանդէս եկած էր Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին, կը կրէր պոլսահայ հանրածանօթ ոսկերիչ Սեւան Պըչաքչըի պատրաստած մատանին:

Երբ լրագրողները հետաքրքրուած էին Հայրունիսա Կիւլի հիասքանչ մատանիով, Թուրքիոյ առաջին տիկինը հպարտութեամբ ըսած էր, որ զայն պատրաստած է հայ վարպետ մը։

«Մեր մօտ արհեստաւորները հայերն ու յոյներն են: Ատիկա մեր բազմազանութիւնն է, մեր գեղեցկութիւնը… Աշխարհի մէջ չկայ մէկը, որ չճանչնայ Սեւանը: Յատկապէս արտասահմանեան ուղեւորութիւններու ժամանակ կը կրեմ այս մատանին»,- ըսած էր Հայրունիսա Կիւլ:

14.11.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ