Ներկայութեամբ հոծ բազմութեան, յատկապէս` մեծ թիւօվ երիտասարդութեան «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնի տպաւորիչ եւ ազդեցիկ ցուցադրութիւն

Ինչո՞ւ մեծ մայրիկս դաջուածք ունէր, ինչո՞ւ մեծ մայրիկս քրտերէն կը խօսէր, ինչո՞ւ մեծ մայրիկիս դէմքը միշտ խոժոռ էր, մեզ չէ՞ր սիրեր, ինչո՞ւ մեծ մայրիկս ու իր քոյրը շշուկով կը խօսէին նաւու մը մասին, մարդու մը մասին եւ հոն տեղի ունեցած բանի մը մասինԻ՞նչ է այդ բանը, ինչո՞ւ ամէն մարդ կը փորձէր ուրանալ անոր գոյութիւնը, ատկէ ետք մեծ մայրիկս ի՞նչ եղած է, ապրուած, սակայն միշտ ջնջուելու փորձին ենթարկուած 5 տարիներուն ընթացքին ո՞ւր գտնուած է ան, ի՞նչ ըրած են իրեն

Հարցումներ, որոնց պատասխանը գտնելու, իր մեծ մամիկին լուռ ու մութ պատմութիւնը բացայայտելով` նոյնանման պատմութիւններու վրայ լուսարձակ բանալու «ուղեւորութեամբ» ճամբայ կ՛ելլէ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեան` «ծնունդ տալով» իր «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնին: Լիբանանէն Տէր Զօր, Շուէտ, Միացեալ Նահանգներ, Հայաստան, կրկին Լիբանան ու Տէր Զօր…

Լռելեայն ամօթի մը պատճառով թաքուն մնացած իրականութիւն մը բացայայտելու նպատակով բեմադրիչին կատարած այս երկար, տառապեցնող, մտածել տուող, խորհրդաւոր եւ նոյն ատեն ցաւալի «ուղեւորութեան» մասնակից դարձան երէկ` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի երեկոյեան ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահը լեցուցած մեծ թիւով ներկաները, որոնց կարգին աչքառու էր երիտասարդներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Յատկանշական էր, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած աղջիկներուն եւ կիներուն ենթարկուած բռնութիւններուն եւ անոնց ապրած դառն կեանքին նուիրուած, ցարդ չարծարծուած այս նիւթը լուսարձակի տակ բերող ժապաւէնը դիտելու եկած էին լիբանանահայ բոլոր յարանուանութիւններէ, կուսակցական ու միութենական պատկանելիութիւններ ունեցող անձեր:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ահարոն Շխրտըմեան, որ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան` 20-րդ դարու մեծագոյն սպանդի 100-ամեակին սեմին հայութեան դիմաց բացուող նորանոր հորիզոններուն, որոնք հաւաքական ճիգի, աշխատանքի ու պայքարի կարիք ունին, որպէսզի Հայ դատի ճամբան կարելի ըլլայ շարունակել խրոխտ եւ հզօր քայլերով: Ան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, տարբեր մակարդակներու վրայ պատմութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով տանող աշխատանքներուն, որոնց դէմ յանդիման պէտք է կանգնիլ:

Ա. Շխրտըմեան այս առիթով լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան ունեցած կենսունակ, ուժեղ եւ հզօր կարողականութիւնը, որուն հիմնական առանցքն ու երաշխիքը կը կազմէ երիտասարդութիւնը, որ պէտք է գիտակից ըլլայ իր վրայ դրուած պարտականութեան եւ գործէ այդ գիտակցութեամբ:

Ապա խօսք առաւ «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնի բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեան, որ հիմնականօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող տարբեր խնդիրներուն, թղթածրարներուն եւ նոյնիսկ արգիլեալ նկատուող հարցերուն հետ դէմ յանդիման կանգնելու, անոնց հետ վերաբերելու կերպեր գտնելու անհրաժեշտութեան` յոյս յայտնելով, որ կարելի ըլլայ քարացած մտայնութենէն դուրս գալով նոր հորիզոններ եւ նոր միջոցներ գտնել մեր պատմութիւնը ընդունելու:

Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախորդող հանգրուանին լոյս աշխարհ եկած այս ժապաւէնը միջազգային մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի հետապնդման իմաստով եւս նոր դուռ կը բանայ, որովհետեւ այսօր շատ կը խօսուի ցեղասպանութիւններու ընթացքին կիներուն ենթարկուած բռնարարքներուն մասին` զանոնք դատապարտելի նկատելով: Սիւզան Խարտալեան նշեց, որ իր մեծ մօր պատմութեան ընդմէջէն ան կը բանայ շատ ու շատ կիներու եւ աղջիկներու թղթածրարը, որոնք երբ հայութեան վերադարձած են, իրենց հետ բերած են բռնաբարուած եւ ուրիշներու կիներ եղած ըլլալու ամօթ մը, զոր ծածկելու բոլոր փորձերը ձախողած են, որովհետեւ այդ ամօթը լռելեայն անցած է սերունդէ սերունդ:

«Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնին բեմադրիչը շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքին մէջ իրեն օժանդակողներուն եւ ժապաւէնը նուիրեց երիտասարդութեան, որովհետեւ ան պիտի շարունակէ հատուցման պայքարը, տէրը պիտի ըլլայ մեր դատին:

Ապա ցուցադրուեցաւ շուրջ մէկ ժամ տեւող «Տատիկիս դաջուածքները», որ բաւական ազդեցիկ ու տպաւորիչ կերպով ընդունուեցաւ սրահը լեցուցած ներկաներուն կողմէ, մանաւանդ որ դաջուածքներ ունեցող կիներու թիւը քիչ չէ եղած, անոնք թերեւս մեր հետ ապրած մեծ մայրեր եղած են, սակայն ոչ ոք մտածած է, որ այս դիւային դաջուածքներուն ետին ինչե՜ր թաքնուած են, ի՜նչ կեանք ապրուած է… Սիւզան Խարտալեան իր այս ժապաւէնով յանդուգն կերպով կը բանայ այդ կիներուն թղթածրարը, որպէսզի նաեւ հաստատէ, որ անոնք ամօթը կրողներ ու յանցաւորներ չեն, այլ` բռնաբարուածներ, որոնց նկատմամբ ընկերութիւնը եւս անարդար եղած է:

«Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնը դիտելէ ետք իւրաքանչիւր հայ կը սկսի անպայման մտածել այս երեւոյթին մասին, ջարդուածներուն տեղ նոր սերունդներ ծնելու պարտականութիւնը իրենց ուսերուն առած, սակայն իրենց սրտին մէջ մեծ թախիծ եւ գաղտնիք մը պահած այս կիներուն խիզախութեան եւ վեհութեան մասին:

http://www.aztagdaily.com/?p=38021

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ