Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Քանտըլիզա Ռայսը արժանի չէ «Սթենֆըրտ»ի մէջ դասաւանդելու

Յարութ Սասունեան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քանտըլիզա Ռայս, վերջերս հրապարակած «Ուաշինկթընի Մէջ Անցուցած Տարիներուս Յուշագիրը. Չկայ Աւելի Մեծ Պատիւ» խորագիրով իր 750 էջնոց գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւներու տապալման ուղղութեամբ իր մղած պայքարին մասին, երկու տարբեր առիթներով: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ յաջողած է խոչընդոտել ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ 1991 եւ 2007 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Այս յուշերուն մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ անոր տհաս դատողութիւնը եւ բարոյական նորմերու բացակայութիւնը: Ան կը պատմէ, թէ «այս խնդիրին» առնչութեամբ իր առաջին փորձը կատարուած է 1991 թուականին, երբ կ՛աշխատէր Սպիտակ տան մէջ, իբրեւ նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի յատուկ օգնական: Իր յանձարարութիւնն էր՝ «ջանք չխնայել Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս բանաձեւը տապալելու համար»: Պարծենալով իր իրագործումով՝ ան ինքզինք կը նկարագրէ իբրեւ անձ մը, որ պայքարած է «ամերիկահայ հզօր լոպիին» դէմ, որ «տարիներ շարունակ ճնշում գործադրած է Քոնկրեսին վրայ՝ բանաձեւը ընդունելու հարցով, որպէսզի 1915ի Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակէ»: Իրականութեան մէջ, Ռայս պէտք չունէր հակադրուելու բանի մը, որ արդէն իսկ ընդունուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 1975 եւ 1984 թուականներուն, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի կողմէ՝ 1981ին:

Ռայս կը շարունակէ՝ ըսելով, որ «պատահածին մասին գոյութիւն ունին պատմական բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ», ինչ որ երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չկայ որեւէ պատմական վէճ, որ համընդհանուր ընդունուած իրողութիւն է: Աւելին՝ փրոֆ. Ռայս, կարծէք, չի հասկանար, որ նկարագրելով հայերուն «սպանութիւնները» որպէս «յստակօրէն դաժան ու ցեղապաշտական շարժառիթներով ջարդեր»՝ ան իրականութեան մէջ զանոնք կ՛որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, ինչպէս սահմանուած է ՄԱԿի՝ Ցեղասպանութեան մասին վեհաժողովին 2րդ յօդուածով:

Իր յուշերուն մէջ, Ռայս կը փորձէ արդարացնել իր խափանարար խուսանաւումները՝ բացատրելով, որ թուրքերը «կատաղած էին այն պատճառով որ կ՛ամբաստանուէին դէպքի մը համար, որ տեղի ունեցած է գրեթէ մէկ դար առաջ, Օսմանեան ժամանակաշրջանին»: «Պանանա Ռիփապլիք»ի անողնաշար պաշտօնեայ իբրեւ հանդէս գալու փոխարէն, Ռայս պէտք է խստօրէն յորդորէր թուրքերը, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի չխեղաթիւրէ պատմական փաստերը, պարզապէս բռնապետական պետութեան մը խելացնոր ղեկավարները գոհացնելու համար:

Գոհունակութեամբ նշելով, թէ որքա՛ն լաւ ձեւով «յաջողած» է «իրականացնել իր յանձարարութիւնը»՝ Ռայս քարասրտութեամբ կը նկարագրէ «Հայոց Ցեղասպանութեան քստմնելի բանաձեւին դէմ պայքարելու» ուղղուած իր սոսկալի ջանքերը: Ան կիսատ-պռատ փորձ կ՛ընէ՝ նուազեցնելու համար իր մեղքի բաժինը՝ նշելով, որ ոչ ոք կը ժխտէ «այդ ահաւոր իրադարձութիւնները կամ ողբերգական մահը հարիւր հազարաւոր անմեղ հայերուն», բան մը, որ նոյնիսկ թուրք պաշտօնատարները կ՛ընդունին: Եթէ Ռայս տեղեակ էր, թէ ոչ ոք կը ժխտէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնը, ապա ինք ինչո՞ւ այդպէս բուռն կերպով պայքարած է բանաձեւը տապալելու համար: Այնուհետեւ, ան թութակի պէս կը կրկնէ թրքական անիմաստ քարոզչութիւնը, թէ՝ այս հարցը պէտք է ձգել «պատմաբաններուն, եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն, որոշելու համար ինչ յարմար որակում պէտք է տալ պատահածին»: Ռայս պէտք է իմանար, թէ աշխարհի հեղինակաւոր պատմաբանները արդէն իսկ յայտարարած էին, թէ հայկական ջարդերը կ՛որակուին իբրեւ ցեղասպանութիւն:

2007ին, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, Ռայս անգամ մը եւս պայքարեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման դէմ: Ան կը հաղորդէ, թէ ինք «աղաչած էր» Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին, որպէսզի վերջինս այդ բանաձեւը քուէարկութեան չդնէ, սակայն խօսնակը մերժած էր անոր խնդրանքը: Անկէ ետք Ռայս եւ պաշտպանութեան նախարար Պապ Կէյթս Սպիտակ տան առջեւ հանդէս եկած են բանաձեւին հակառակ մամլոյ յայտարարութեամբ մը: Ռայս նաեւ ապահոված է ութ նախկին նախարարներ՝ ստորագրելու համար բանաձեւին դէմ ուղղուած նամակ մը:

Ռայս հպարտութեամբ կը նշէ իր յուշերուն մէջ, թէ յաջողած է արգելափակել բանաձեւին քուէարկումը, ինչպէս որ խոստացած էր թուրքերուն: Այսպիսով, անգամ մը եւս, Ամերիկայի հիմնական բարձր արժէքներն ու վեհ սկզբունքները պաշտպանելու փոխարէն, աշխարհի ամենահզօր ազգի ԱԳ նախարարը կ՛ենթարկուի երրորդ աշխարհի լկտի երկիրի մը պարտադրանքին:

Աւարտելով այս պատմութիւնը՝ Ռայս կեղծ մեղադրանք կը հնչեցնէ Հայաստանի ղեկավարներուն դէմ՝ յայտարարելով, որ «ժողովրդավարական սկզբունքներով ընտրուած Հայաստանի կառավարութիւնը շատ քիչ հետաքրքրութիւն ունի բանաձեւի հարցով: Իրականութեան մէջ, անիկա կը փորձէ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, եւ իրեն համար կարեւոր չէ այդ բանաձեւը»: Ռայս կը հակասէ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութեան, թէ 2003ի նախագահական ընտրութիւնները չէին համապատասխաներ միջազգային չափանիշներու: Աւելին, այն ժամանակուան նախագահ Քոչարեանը չէր ընդդիմանար Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման եւ չէր փորձեր բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Իրականութեան մէջ, արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարած էր, որ Երեւանի մէջ Քոչարեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի նախագահը «վատ տրամադրութեան» մէջ էր, որովհետեւ Սպիտակ տունը արգելափակած էր Ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Ռայս այժմ կը դասաւանդէ «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ: Զարմանալիօրէն, Ցեղասպանութիւնը ժխտող մէկ այլ արտաքին գործոց նախկին Ճորճ Շուլց, նոյնպէս կը պաշտօնավարէ «Սթենֆըրտ»ի մէջ: Դասախօսները, ուսանողները, շրջանաւարտները եւ բարերարները պէտք է յորդորեն «Սթենֆըրտ» համալսարանի ղեկավարները, որ ցեղասպանութիւնը ժխտողները գործ չունին Ամերիկայի լաւագոյն բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններէն մէկուն մէջ:

Ընթերցողներուն կոչ կ՛ուղղուի իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու փրոֆ. Ռայսին, 1-650-721-3390 ֆաքս-թիւով, ԱՄՆի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ուղղուած իր քստմնելի գործունէութեան համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

http://asbarez.com/arm/114745/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ