Քրտական հարց գոյութիւն չունի: Այս մասին, ըստ “Ֆըրաթ” գործակալութեան, ըսած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նաաիմ Շահին:
“Կ’ըսեն հարց, հարց: Ո՞րն է այդ հարցը: Ես կը փնտռեմ, բայց չեմ կրնար գտնել”,– ըսած է թուրք նախարարը:
Յիշեցնենք, որ նախապէս նման յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
“Ազգութեամբ քիւրտ իմ քաղաքացիները այլեւս ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակի մէջ չեն: Իշխանութեան գալէ ի վեր մենք յաջողցուցած ենք երեք բան` վերցուցած ենք ժխտման քաղաքականութիւնը, կը վերցնենք նաեւ ուծացման քաղաքականութիւնը: Եւ եթէ ուշադիր եղած էք, ընտրութիւններէն առաջ յայտարարած էի, որ այս երկրին մէջ քրտական հարց այլեւս գոյութիւն չունի, գոյութիւն ունի PKK–ի խնդիրը: Ազգութեամբ քիւրտ իմ քաղաքացիները նոյնպէս խնդիրներ ունին, որոնց լուծման համար մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրելու”,– ըսած էր Էրտողան:
08.11.11
Tert.am
Leave a Reply