ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սասուն» ազգագրական երգի-պարի խումբի ղեկավար Անդրանիկ սարկաւագ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, Արեւմտեան Հայաստանի Համշէն, Կարին, Մուշ, Սասուն եւ Վան նահանգներուն մէջ նկարահանուած է «Տէր Ողորմեա՛» շարժապատկերը։
Այս մասին Նոյեմբեր 4ին լրագրողներուն յայտնեց խումբին ղեկավարը՝ նշելով. «Շարժանկարի նկարահանման աշխատանքներն իրականացնելու ճանապարհին բազմաթիւ դժուարութիւնների ենք հանդիպել, սակայն դրանք յաղթահարելի են եղել, շնորհիւ այն նպատակին, որը հետապնդում էիք»։
Մանուկեանի տեղեկութիւններով, ժապաւէնին մէջ իւրաքանչիւր նահանգ նկարահանելու ընթացքին խումբը կը ներկայացնէ այդ նահանգին բնորոշ երգ ու պարը՝ համապատասխան հանդերձանքով։ «Օրինակ, Վանում մենք կատարեցինք Վանայ երգեր, կատակ պարեր», պատմեց խումբին ղեկավարը:
«Տէր Ողորմեա՛»ն առաջին անգամ ցուցադրուած է այս տարուան Ապրիլին։
Նշենք, որ «Սասուն» խումբը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցութեամբ թողարկած էր նաեւ «Նարօտ-Կարօտ» երգերու ժողովածոն, որուն 2000 օրինակը ամբողջութեամբ բաժնուած է Հայաստանի եւ Արցախի զօրամասերուն, հայ զինուորին հայրենասիրական ոգի փոխանցելու նպատակով:
http://asbarez.com/arm/114329/
Leave a Reply